2017-08-28 09:22:00

Թեքսասի մէջ կը բարձրանայ «Հարվի» փոթորիկի զոհերուն թիւը:


Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգին մէջ կը բարձրանայ «Հարվի» փոթորիկի զոհերուն թիւը: Այս մասին կը գրէ «էն.Թի.Վի.» կայքը:

Նահանգի ոստիկանութիւնը յայտնած է երկրորդ մարդու մահուան մասին: Կինը մահացած է Հիուսթըն քաղաքի արեւմտեան հատուածին մէջ` ճամբու վրայ ողողումին պատճառով:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ աւերիչ փոթորիկին պատճառով վիրաւորուած են աւելի քան տասը անձեր:

Նախապէս Ռոքփորթի քաղաքապետ Չարլզ Վաքս յայտնած էր տան մը մէջ տեղի ունեցած հրդեհին պատճառով տղամարդու մը մահուան մասին:

Աւելի ուշ, «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթը յայտնած է Արքանսաս շրջանին մէջ երեք զոհի մասին, սակայն պաշտօնապէս չէ հաստատուած, թէ այդ զոհերը արձանագրուած են փոթորիկին պատճառով:

«Հարվի» փոթորիկը Թեքսաս հասած էր շաբաթ օր:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նահանգին մէջ յայտարարած է աղէտի դրութիւն: Յայտարարուած է բնակիչներու պարտադիր հեռացում:
Նախնական տուեալներով` փոթորիկին հասցուցած նիւթական վնասը կը հասնի միլիառաւոր տոլարներու:








All the contents on this site are copyrighted ©.