2017-08-27 14:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Կաթողիկէ օրէնսդիրներու կազմակերպութեան հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 27 օգոստոսի կէսօրին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''International Catholic Legislators Network'' կազմակերպութեան միջազգային համաժողովի 250 մասնակիցներուն։

Սոյն կազմակերպութիւնը կաթողիկէ օրէնսդիրներու միջազգային ցանց մըն է հիմնուած 2010 թուականին քննարկելու համար քաղաքական ասպարէզին մէջ քրիստոնէական սկզբունքներու խթանումը։

Անոր հիմնադիրը եղած է Տիար Քրիստեան Ալինք Վին Քէուսուն հովանաւորութեամբ Վիեննայի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Քրիստոֆ Շոնպորնի ու Բրիտանացի խորհրդարանական Լորտ Տէյվիտ Ալթոն Օֆ Լիվերփուլի, որը ծանօթ է հալածուած քրիստոնեաներու ի սպաս տածած աշխատանքին համար։

''International Catholic Legislators Network'' տարեկան չորսօրեայ հանդիպումը կը գումարէ ամէն տարի Հռոմի մօտ օգոստոսի վերջաւորութեան։

Այս առթիւ ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը իր ուրախութիւնը յայտնելով անոնց հետ հանդիպելուն համար քաջալերեց զանոնք այս օրերու հաւաքէն քաղելու պտուղներ ու զանոնք ի գործ դնելու այն ատեն երբ իրենց երկիները կը վերադառնան, հիմնուելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարոյական ու ընկերային ուսուցումներու վրայ, կառուցելու համար աւելի մարդկային եւ արդար ընկերութիւն մը։

Սրբազան Քահանայապետը այս առընչութեամբ ընդգծեց հարկաւորութիւնը օրէնքներ մշակելու ի նպաստ տկարներուն ու մեկուսացեալներուն ինչպէս նաեւ անոնց որոնք ստիպուած են յաճախ թողուլ իրենց հայրենի տունը։

Բազմաթիւ տառապանքներու ընդմէջէն կը խրախուսեմ ձեզ շարունակել ձեր հայեացքը ուղղել Քրիստոսին որուն սէրը ձեզ պիտի ներշնչէ ու այնպէս ընէ որ Հոգին Սուրբ ձեզ առաջնորդէ միշտ դէպի ճշմարտութիւնն ու բարին։

«Ոչ մէկը պէտք է անտեսուած մնայ կեանքի որեւէ հանգրուանի ընթացքին» ըսաւ ապա Քահանայապետը բոլոր ներկաներն ու անոնց հայրենակիցները յանձնելով Տիրամօր հովանիին ու բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.