Օգոստոս 25-ին, ժամը` 18.00-ին, Աղաւնաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2017» ծրագիրի վերջին` ութերորդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, մշակոյթի գործիչներ եւ հիւրեր:
Արիտունցիները հանդէս եկան համերգային ծրագիրով, որ պատրաստած էին ճամբարային օրերուն ընթացքին:
«Արի տուն» ծրագիրի 8-րդ փուլին մասնակցած են 67 պատանի 13 երկրէ` Ռուսատանէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն, Ապխազիայէն, ԱԷՄ-էն, Սուրիայէն, Լաթվիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Ռումանիայէն, Մեծ Բրիտանիայէն եւ Լեհաստանէն:
2017 թուականին «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրը հիւրընկալած է 36 երկրէ ժամանած 1061 սփիւռքահայ երիտասարդներ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |