2017-08-25 13:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Քոլոմպիա առաքելական ճամբորդութեան պաշտօնական քայլերգը։


«Ռատիօ Վատիկան» ՝՝Առաջին քայլը կատարենք՝՝, այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ սեպտեմբերի սկիզբը Քոլոմպիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան բնաբանը, որ է նաեւ ճամբորդութեան պաշտօնական քայլերգի տիտղոսը, որուն ներկայացումը կատարուեցաւ անցեալ 19 ու 20 օգոստոսին Քոլոմպիայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին կողմէ։

Քայլերգը ընտրուած է Քոլոմպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին կազմակերպած  "Cántale al Papa" մրցումի մասնակցող 465 քայլերգերու ընդմէջէն։ Քայլերգը կը ներկայացնեն 70 անդամէ բաղկացած նուագախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն աշխարհականներ եւ կղերականներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.