2017-08-25 09:30:00

Վիրահայոց Թեմը 300 հազար ԱՄՆ Տոլար ստացած է Վրաստանի Պետական Պիւտճէէն։


ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը հրապարակած է կրօնի ազատութեան մասին 2016-ի տարեկան զեկոյցը, ուր Վրաստանին վերաբերող հատուածով՝ անդրադարձ կայ նաեւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմին, եկեղեցւոյ հետեւորդներու քանակին։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, կը գրէ aliq.ge-ն:

Յենուելով 2014 թուականին Վրաստանի մէջ իրականացուած մարդահամարի տուեալներուն վրայ, պետական քարտուղարութեան հրապարակած փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ երկրի բնակչութեան 83,4 %-ը վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ հետեւորդ է, շուրջ 11 տոկոսի կը հասնի Վրաստանի մահմետական բնակչութիւնը, իսկ հայ առաքելական եկեղեցւոյ անդամներու քանակը կը կազմէ ընդհանուր բնակչութեան 2.9 տոկոսը: Մնացած կրօնական ուղղութիւններն ու յարանուանութիւնները,  ներառեալ` հրեաները, եզիտիները, յոյները, կաթոլիկները, ռուսերն ու այլոք միասին` Վրաստանի ընդհանուր բնակչութեան ընդամէնը կը կազմեն 3 տոկոսը:

Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ 2014 թուականին Վրաստանի խորհրդարանի կողմէն ընդունուած օրէնքին, որուն համաձայն` երկրի քանի մը կրօնական կազմակերպութիւններու ֆինանսական փոխհատուցում կը տրամադրուի Խորհրդային շրջանին պատճառուած «բարոյական եւ նիւթական» վնասին դիմաց:

Կը նշուի, որ 2016-ին Վրաստանի մահմետական, հրէական, կաթոլիկ եւ հայ առաքելական համայնքները պետական պիւտճէէն 4.5 միլիոն լարիի (1.7 միլիոն ԱՄՆ տոլար) փոխհատուցում ստացած են: Նշուած գումարին մեծ մասը` շուրջ 1 միլիոն ԱՄՆ տոլար բաժին հասած է մահմետական համայնքին: Երկրորդ տեղը հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմը` 300 հազար ԱՄՆ տոլարով:

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան զեկոյցի` «կառավարութեան քաղաքականութիւն» հատուածին մէջ կը նշուի, որ Վրաստանի մէջ ամերիկեան դեսպանութեան աշխատակիցները պարբերաբար հանդիպած են երկրի սիւննի եւ շիիա մահմետական համայնքներուն, ինչպէս նաեւ Վիրահայոց թեմի հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներուն հետ:

Կրօնի ազատութեան մասին տարեկան զեկոյցի վերջին մասով, մասնաւորապէս նշուած է, որ կրօնական համայնքներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին ամերիկացի դիւանագէտները յորդորած են պահպանել միջկրօնական հանդուրժողականութեան, երկխօսութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ հանդուրժողականութեան մթնոլորտ:








All the contents on this site are copyrighted ©.