2017-08-23 12:15:00

Կարդինալ Փարոլինի հանդիպումը Համայն Ռուսիոյ Օրթոտոքսներու Պատրիարք Կիւրեղ Ա.ի հետ


«Ռատիօ Վատիկան» Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլինի Մոսկուա  կատարած պետական այցելութեան գագաթնակէտը հանդիսացաւ  Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Օրթոտոքսներու Պատրիարք Կիւրեղ Ա.ի  հետ հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ ՝ Պատրիաքական  աթոռանիստ  «Տանիլով» վանքէն ներս։

Հանդիպումի սկիզբը Կարդինալ Փարոլին Կիւրեղ պատրիարքին փոխանցեց  Ֆրանչիսկոս Պապի ողջոյնի  հետեւեալ խօսքը՝ «Կ՝ողջունեմ իմ եղբայրս, Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Պատրիարքը։»  Պատրիարքը իր կարգին իտալերէն լեզուով պատասխանեց «Կրացիէ։»

Կարդինալ Փարոլին անդրադառնալով վերջերս  Ւտալիոյ Պարի քաղաքի Սուրբ Նիկողայոսի մասունքներուն ժամանակաւոր  կերպով Մոսկուա փոխադրութեան, եւ յիշելով այդ առթիւ Կիւրեղ Պատրիարքին կատարած արտայայտութիւնը, որ այդ դէպքը կը նկատէր «բացառիկ մեր Եկեղեցիներու պատմութեան մէջ», ըսաւ՝ «Սրբութեան համամիութիւնը ճշմարիտ է եւ ունի գոյութիւն։ Սուրբերը մեզ կը միացնեն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ աւելի մօտիկ են  եւ մեզի  կ՝օգնեն  անցեալի յարաբերութիւններուն  դժուարութիւնները շրջանցելու եւ աւելի արագ թափով ընթանալու դէպի եղբայրական ողջագուրում եւ սուրբ Հաղորդութեան միութիւն։» 

Հանդիպումի ընթացքին քննարկումի նիւթ եղաւ  Ուքրանիոյ տագնապը  եւ այս առնչութեամբ Կիւրեղ պատրիարքը ըսաւ «Այն ժամանակ երբ մարդիկ կը պայքարին, Եկեղեցին կրնայ միայն խաղաղարար դեր ունենալ։»

Պատրիարքը ապա իր գոհունակութիւնը յայտնեց երկու եկեղեցիներու միջեւ կայացած՝   Ուքրանիոյ ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութիւնը հաստատելու միասնական յանձնառումին համար։ 

Ինչ կը վերաբերի Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան, Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը ըսաւ՝ «Օրթոտոքս եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ  գործակցութիւնը՝ Միջին Արեւելքի տառապող ժողովուրդներու խնամակալական աշխատանքներու  ծիրէն ներս, կրնայ  միութեան կարեւոր  տարր հանդիսանալ։ Մարդկայնական  ծառայութեան  ծիրէն ներս  համագործակցութիւնը  կրնայ Միջին Արեւելքի մէջ միասնական ծրագիրներուն հիմք հանդիսանալ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.