2017-08-23 10:22:00

«Քրիստոնէական յոյսին նորութիւնները» Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 23 օգոստոս 2017-ի առաւօտուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց Քրիստոնէական յոյսին վրայ անդրադառնալով յատկապէս այդ յոյսի նորութիւններուն։

Եւ աթոռին վրայ բազմողն ըսաւ ինծի. «Ահաւասիկ ամէն բան նոր կը ստեղծեմ», եւ աւելցուց. «Գրէ. այս խօսքերը ճշմարիտ են եւ հաւատարիմ»։ Եւ դարձեալ ըսաւ ինծի. «Եղաւ. ես եմ Ալփան եւ Օմեղան, Սկիզբը եւ Կատարածը։ Ես պապակողին ձրի պիտի տամ կեանքի ջուրի աղբիւրէն եւ որ յաղթէ, պիտի ժառանգէ այս ամէնը։  Ես պիտի ըլլամ անոր Աստուածը եւ ան պիտի ըլլայ իմ որդիս»։ (Յայտնութիւն Յովհաննու 21, 5-7)

Յայտնութեան գիրգէն քաղուած այս աւետարանական հատուածի վրայ հիմնուելով է որ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ Քրիստոնէական յոյսը կը հիմնուի Աստուծոյ վրայ հաւատքի վրայ որ միշտ նորութիւն կը ստեղծէ մարդու կեանքին, պատմութեան ու տիեզերքի մէջ։ Նորութիւններ եւ անակնկալներ - ըսաւ Քահանայապետը նշելով թէ «Աստուածաշունչի վերջին էջերը մեզի ցոյց կու տան հաւատացեալի ուղեւորութեան վերջին հորիզոնը` Երկնային Երուսաղէմը, որ ներկայացուած է որպէս մեծ վրան մը ուր Աստուած պիտի ընկալէ բոլոր մարդիկը անոնց հետ բնակելու համար առ յաւէտ։ Ան անոնց պիտի վերապահէ անհուն քնքշութիւն, հօր մը նման որ իր զաւակները կ՛ընդունի երկար ու յոգնեցուցիչ ճանապարհորդութեան մը աւարտին։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները յայտնութեան գիրքի հատուածը կարդալու մտաբերելով մեր օրերուն պատահած իրողութիւնները ուր տառապանք, լաց եւ ողբ չեն պակսիր, ապա հաստատեց «կայ Հայր մը որ անհուն գթութեան արցունքներ կը դափէ։ Հայր մը որ մեզ կը սպասէ մեզ մխիթարելու համար, որովհետեւ Ան կը ճանչնայ մեր ցաւերը ու մեզի համար պատրաստած է տարբեր ապագայ մը»։ Ահա այս է քրիստոնէական յոյսին մեծագոյն տեսիլքը որ կը տարածուի մեր գոյութեան բոլոր օրերուն վրայ ու մեզ կ՛ուզէ վերստին կանգնեցնել։

Քրիստոնեայ ըլլալ նոր հեռանկար մը կ՛ենթադրէ. Յոյսով լի հայեացք մը։ Մենք քրիստոնեաներս կը հաւատանք թէ հորիզոնին` մարդը պիտի գտնէ արեւ մը որ յաւէտ պիտի լուսաւորէ։ Մենք կը հաւատանք թէ գեղեցիկ օրերը տակաւին պիտի գան։ Մենք գիտենք թէ Աստուած մեզ կ՛ուզէ որպէս ժառանգներ խոստումի մը, եւ երազներու մշակներ։

Քրիստոնեան գիտէ թէ Աստուծոյ Արքայութիւնը ամէն օր կ՛աճի սիրոյ մէջ ու թէ Յիսուս կեանքի ամենամեծ շնորհքն է. Ան Աստուծոյ ողջագուրումն է որ մեզ կը սպասէ վերջին օրը եւ որ այժմէն իսկ մեզի կ՛ընկերանայ ու մեզ կը մխիթարէ ճանապարհորդութեան ընթացքին։ Ան մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի Աստուծոյ մեծ վրանը։

«Այո՛ մեր Հայրը նորութեան եւ անակնկալներու Հայր է» շեշտեց դարձեալ Քահանայապետը խորհրդածութիւնը եզրափակելով  ու ընդգծելով թէ վերջին օրը մենք իրապէս երջանիկ պիտի ըլլանք եւ ուրախութեան արցունքներ պիտի դափենք։

Խորհրդառութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունեց Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն, հրաւիրելով զանոնք իրենց հայեացքը բարձրացնել դէպի երկինք ու խորհրդածել Աստուածամօր շքեղութեան վրայ «որուն վերափոխման տօնը նշեցինք անցեալ շաբաթ, անոր հանդէպ ունենալով յատուկ ջերմեռանդութիւն, որպէսզի միշտ մօտիկ ըլլայ մեզի մեր առօրեայի կեանքին մէջ»։

Նախ քան իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ ուզեց  յատուկէն ակնարկել անցեալ երկուշաբթի Իտալիոյ Իսքիա կղզին հարուածող երկրաշարժին, ու իր մօտիկութիւն արտայայտել բոլոր անոնց որոնք կը տառապին  այդ աղէտին պատճառաւ ապա հրաւէր ուղղեց աղօթել մեռեալներուն, վիրաւորներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք իրենց տուները կորսնցուցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.