2017-08-23 10:44:00

Բնակարաններ 11 Գիւմրեցի կարիքաւոր ընտանիքներու


Գիւմրիի 11 կարիքաւոր ընտանիքներու բնակարաններ յանձնուած են: Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, յայտնած է Գիւմրիի քաղաքապետի մամլոյ քարտուղար Սոնա Առաքելեան։

«Գիւմրիի համայնքապետարանը «Առդա» բարեգործական ընկերութեան հետ իրականացուցած էր 11 բնակարաններու կառուցման ծրագիր: 11 բնակարաններէն 10-ը 1 սենեականոց են, 1-ը՝ 3 սենեականոց, որ տրուած է վեց հոգինոց ընտանիքի», յայտնած է Սոնա Առաքելեան:

Բնակարաններու բանալիներու յանձնման արարողութեան ներկայ եղած են մարզպետը, քաղաքապետը եւ ծրագիրի հիմնական հովանաւորը՝ ամերիկահայ բարերար Սարգիս եւ Նունէ Սեփեճեաննները: Բարերարի կինը՝ Նունէն, գիւմրեցի է: 15 տոկոսի ներդրում ունեցած է Գիւմրիի քաղաքապետարանը:

Երբ խօսք տրուած է Սարգիսին, ան շատ յուզուած է:

«Շնորհակալ եմ, որ ինծի առիթ տուիք, որ օգնեմ մեր կարօտեալ ծերերուն կամ անտուններուն: Ինծի համար կարիքաւորներուն օգնելը պարտականութիւն է», ըսած է բարերարը:

Սեփեճեան աւելցուցած է, որ կարիքաւորներու համար բնակարաններու շինարարութիւնը պիտի շարունակուի»:

«Կրնամ հաստատ  ըսել, որ գործը պիտի շարունակուի: Ինծի համար այնքան հրճուանք է տեսնել մայրիկներ, որոնք կ՛ունենան իրենց բնակարանը»:

Բարերարը վստահ է, որ իր այս ձեռնարկին կը միանան նաեւ ամերակահայ այլ բարերարներ:

«Ինչ չափով որ կրնամ օգնել, պիտի օգնեմ: Եւ ոչ թէ միայն ես: Շատ համոզուած եմ, որ իմ ընկերներս պիտի միանան ինծի՝ շինելու որքան որ տուն պէտք է այս քաղաքին մէջ: Ես լաւ գիտեմ ինչ կը նշանակէ ապրիլ այդպիսի տուներու մէջ: Հայրս գաղթական էր, մենք կ՛ապրէինք ոչ թէ տնակներու մէջ, բայց նման տեսակի տուներու մէջ: Ես հարուստ չեմ ծնած, ես աղքատ մարդու զաւակն եմ եւ գիտեմ ինչ կը նշանակէ աղքատ ըլլալ»:

Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեան, իր հերթին ըսած է, որ իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին բնակարանի սպասած ընտանիքները վերջապէս տանիք ունեցան:

«Մեր քաղաքին մէջ եւս տասնմէկ ընտանիք ստացան ծածկ իրենց գլուխներուն, ստացան բնակարաններ, որոնց անոնք կը սպասէին գրեթէ երեսուն տարի՝ ամբողջ կեանք մը: Սերունդներ ծնած են, որոնք տուն ըսելով հասկցած են տոմիկ, հիմա արդէն տուն ըսելով պիտի ունենան իսկական բնակարան: Յոյս ունիմ, որ շատ շուտ մենք պիտի կարենանք բնակարանով ապահովել բոլորը, եւ քաղաքի ու մարզի պատմութեան այս էջը կարենանք փակել», յայտարարած է երիտասարդ մարզպետը:








All the contents on this site are copyrighted ©.