2017-08-22 11:27:00

Սուրիոյ ապագան եւ ճակատագիրը Սուրիոյ վերաբերող հարց է. նախագահ Ասատ


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան համաժողովի բացման իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Սուրիոյ քաղաքականութեան ապագայ ուղղութիւնները կը հիմնուին ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, ազգային հաշտութեան, արտաքին աշխարհի հետ կապերու ամրապնդման եւ Սուրիոյ ապաքինուող տնտեսութեան զարգացման վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար» շաբաթաթերթը։

«Ներկայ փուլին, Սուրիոյ քաղաքականութեան հիմքը կը կազմէ սկզբունքային հետեւեալ խնդիրը՝ Սուրիոյ ապագան եւ ճակատագիրը միայն Սուրիոյ կը վերաբերի, իսկ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը քննարկելի նիւթ չէ: Մենք ահաբեկիչներուն պիտի չթոյլատրենք որ գետնի վրայ իրենց կրած պարտութեան դիմաց քաղաքական լծակներ օգտագործելու կարելիութիւն ունենան: Այն պետութիւնները, որոնք կը փափաքին գործակցիլ Սուրիոյ հետ ու իրենց դեսպանատուները վերստին բանալ մեր երկրին մէջ, պէտք է նախ ահաբեկիչներուն հետ իրենց կապերը խզեն» ըսաւ Ասատ՝ աւելցնելով. «Երբ Արեւմուտքի մասին կը խօսիմ, նկատի կ՛ունենամ անոր քաղաքական դերակատարութիւնը, առանց որոշ պետութիւններ նշելու: Մենք գիտենք, թէ ով կը ղեկավարէ Արեւմուտքը, իսկ արեւմտեան շարք մը երկիրներ առնչութիւն իսկ չունին քաղաքականութեան հետ, անոնք պարզապէս քայլ կը պահեն Արեւմուտքին հետ: Հետեւաբար խօսքիս մէջ Արեւմուտք բառը պիտի օգտագործեմ իր քաղաքական եւ ոչ թէ աշխարհագրական իմաստով: Արեւմուտքը, այսօր, գոյութեան տագնապ կ՛ապրի, ոչ թէ անոր համար որ զինք չէզոքացնելու կոչուած թշնամիի մը դէմ կը պայքարի, այլ որովհետեւ Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք սպառած կը համարէ իր տիրապետութեան ժամանակաշրջանը: Ու որքան մեծ թիւով երկիրներ դիմադրեն այս Արեւմուտքի տիրապետութեան, այնքան արագ կը սպառի ան»:

Ասատ անդրադառնալով Թուրքիոյ դերին ըսաւ. «Թրքական կողմին գոյութիւնը սուրիական տագնապի լուծման փուլերուն ձեւական ու անիմաստ է մեզի համար: Մենք Թուրքիան մասնակից չենք համարեր Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերահաստատման գործընթացին եւ չենք վստահիր անոր: Ան հովանաւոր կողմ է, այ՛ո, սակայն ոչ թէ խաղաղութեան հաստատման, այլ՝ ահաբեկչութեան տարածման: Թուրքիա ստիպուած էր մասնակցելու Ասթանայի ժողովներուն, որովհետեւ Էրտողան այլ ելք չունէր: Ահաբեկիչները տապալիլ սկսած էին ամէնուրեք, իսկ Թուրքիան խայտառակ կացութեան դէմ յայտնուած էր: Ասթանայի ժողովներուն մասնակցութիւնը պիտի ծածկէր իր խայտառակութիւնը ու Թուրքիոյ հաշիւներով փրկութեան վերջին լաստանաւ մը դառնար ահաբեկիչներուն համար»:

Ասատ եզրափակելով ըսաւ. «Պատերազմը մեր սկզբունքները պիտի չփոխէ: Պաղեստինեան Դատը մեր կիզակէտին մէջ պիտի մնայ, իսկ Իսրայէլ՝ սուրիական հողերը բռնագրաւող թշնամի, ու մենք պիտի շարունակենք զօրավիգ հանդիսանալ տարածաշրջանին մէջ դիմադրողական իւրաքանչիւր շարժման, այնքան ատեն որ զայն կը համարենք արդար ու ճշմարիտ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.