2017-08-21 09:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում միութեան 38-րդ հաւաքի առիթով


«Ռատիօ Վատիկան» Ամէն տարի օգոստոս ամսոյն, «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» կաթողիկէ միութիւնը Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ կը կատարէ տարեկան միջազգային հաւաքը, որ ծանօթ է իբր «Միթինկ»։

Այս տարի, 38րդ Միթինկին առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մասնակիցներուն պատգամ մը ուղղած է՝ ստորագրութեամբ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի, ուր ան կոչ կ'ուղղէ վերագտնել քրիստոնէական արժէքները։ Սրբազան Պապը, արդի ժամանակներու ընկերութեան կը վերագրէ պատմութեան մոռացում եւ «հոգեւոր ալցհայմեր»։ Կոտորակուած եւ արագացած կեանքի մը մէջ ուղղուածութեան բացակայութիւնը կը յառաջանայ, ձեռք բերուած արժէքներ ճանաչում չեն գտներ, եւ Աստուծոյ հանդիպելու միջոցներ չեն հատկացուիր։

Սրբազան Հայրը կը նկատէ, թէ նոր սերունդները չեն կրնար աճիլ, առանց տիրապետելու անցեալի պատմութեան, զոր պէտք չէ վերացնել նկատելով զայն իբր անպէտ բեռ մը։ Ան կը նկատէ, թէ Աստուած, սկսեալ արարչագործութենէն, միշտ ներկայ է պատմութեան մէջ, սակայն Աստուած պարզապէս յիշատակ մը չէ, այլ ներկայութիւն մը, որ միշտ կրկին պէտք է ընկալենք։ Պէտք չէ  մոռնանք մեր անհատական յարաբերութեան պատմութիւնը Աստուծոյ հետ՝ այն առաջին սէրը, որ մեզ առինքնեց եւ մեզ իւրացուց։ Եթէ դառնանք մոռացկոտներ, այն ժամանակ ոչ մէկ բանի ապահով ենք. ապա վախը կը ծնի մեր մէջ, կը վերածուինք քմահաճոյքներու որսի եւ սուտ խոստումները ստրուկի, ապրելով յուսախափութիւններ։

Ռիմինիի այս տարուան Միթինկին բնաբանն է՝ «Այն ինչ որ քու հայրերէդ ժառանգեցիր, վերաշահէ զայն, որպէսզի կարենաս անոր տէր դառնալ»։ Այս բնաբանը՝ առնուած գերմանացի գրող Եոհան Վոլֆկանկ Կէօթէի Ֆաուսթէն, կ'ուզէ ցոյց տալ, թէ ձեռք բերուած արժէքներուն վերադառնալը բուժիչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ՝ ի տես ճշմարիտը սխալէն զանազանելու եւ աշխարհի ժողովրդավարութիւններու տկարացման մարտահրաւէներուն։

Սրբազան Պապը կոչ կ'ուղղէ որ քրիստոնեան դուրս գայ ընկերային յանձնառութիւններու մէջ։ Պէտք է «մեր հայերու ժառանգը իւրացնենք», անկէ սորվինք եւ զայն յառաջ տանինք։ Քրիստոնեաները պէտք չէ իրականութիւնը «պատշգամէն» կամ աշխարհը հեռատեսիլէն դիտեն, այլ պէտք է իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերեն։ Միայն ճշմարտութիւնը, գեղեցկութիւնը եւ բարութիւնը շահելով, որոնք տրուած են մեզի մեր ծնողներու կողմէ, կրնանք դարադարձային փոփոխութիւններու ժամանակը պարիլ իբր բարեպատեհ առիթ՝ ուրիշներուն համոզիչ կերպով հաղորդելու Աւետարանի ուրախութիւնը։

Արժէքները պէտք չէ վերածուին լոկ խօսքերու, այլ պէտք է դրսեւորուին քրիստոնեայի գործով։ Այս առումով, Ռիմինիի այս տարուան բնաբանը «պէտք է մեզի հրաւէր մը ըլլայ, մեր անհատական պատմութենէն իւրացնել մեր արմատները։ Երկար ժամանակ կը հաւատայինք, թէ մեր հայրերու ժառանգը մեր մօտ մնացած է, գանձի մը նման, որ միայն պէտք է պահպանենք, որպէսզի բոցը չմարի։ Սակայն իրականութիւնը այդ չէր. այն հուրը, որ կը վառէր մեր նախնիքներու կուրծքին տակ, հետզհետէ տկարացած էր։»

Դառնալով անցեալին, պէտք չէ անտեսել ներկան ու ապագան։ Ֆրանչիսկոս Պապ չ'ընդունիր ոչ վախով լեցուն պահպանողականութիւն մը, եւ ոչ ալ կղզիացման միտումներ. «իբր քրիստոնեաներ, կ'ըսէ ան, մենք հայրենատենչական յետադարձ չենք կատարենք անցեալին. մենք, վստահութեամբ լի, կը նայինք դէպի ապագայ։ Կապրինք Եկեղեցւոյ համար բարեպատեհ ժամանակի մը մէջ. սակայն Եկեղեցի մը, որ հարուստ է յիշողութեամբ, մղուած Սուրբ Հոգիի հողմով, ընդառաջ ելլել մարդուն, որ կը փնտռէ ապրելու իմաստ մը։»








All the contents on this site are copyrighted ©.