2017-08-21 14:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «Ընտրենք եւ ապրինք Քրիստոսի տրամաբանութիւնը»


«Ռատիօ Վատիկան» 20-էն – 25 օգոստոս՝ 2017-ին, Ւտալիոյ Թորինօ քաղաքէն մէջ կը գումարուի Վալտեզ եկեղեցիներու տարեկան սիւնհոդոսը, որուն օրակարգին մաս կը կազմեն բարեփոխում եկեղեցւոյ 5-րդ տարեդարձի նիւթեր, գաղթականներու հիւրընկալութեան հայող հարցեր, համամիութենական երկխօսութեան  եւ ընտանիքի հայող նիւթեր։   Վալտեզ եկեղեցիներու տարեկան սիւնհոդոսի առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը  յղեց, որուն մէջ իր եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նեցուկը յայտնեց ժողովի բոլոր մասնակիցներուն։

Ան ապա մաղթանք յայտնեց, որ սիւնհոդոսի այս օրերուն,, որոնք կը զուգադիպին բարեփոխում եկեղեցւոյ 500-րդ ամեակի նշման օրերուն, ժողովականները խանդավառութիւն գտնեն  Քրիստոսի դիմագիծէն բխած ուրախութենէն,  որուն հայեացքը՝  խաղաղութեան ակնաղբիւր է եւ բոլորիս  զգալ կու տայ  Հօր որդիական սէրը՝՝   գրած է Սրբազան Հայրը ու աւելցուց «թող Քրիստոսի հայեացքը  լուսաւորէ երկու եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւնները,  որպէսզի անոնք չի հանդիսանան լոկ  պաշտօնական  կապեր, այլ եղբայրական եւ աշխուժ կապեր»։

Սրբազան Հայրը պատգամը եզրափակած է  նշելով   «բռնութեամբ, վախով եւ անտարբերութեամբ բնորոշուած աշխարհին մէջ,  թող որ մեր Քրիստոնէական վկայութիւնը չզիջի աշխարհի տրամաբանութեան այլ  իրար զիրար օգնելով՝ ընտրենք եւ ապրինք  քրիստոսի տրամաբանութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.