2017-08-21 11:25:00

Պարսելոնայի մայր տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագ ահաբեկչական յարձակումի զոհերուն դիտաւորութեան։


«Ռատիօ Վատիկան» Պարսելոնայի մայր տաճարին մէջ, կիրակի 20 օգոստոսին, մատուցուեցաւ Պարսելնոայի մէջ պատահած ահաբեկչական յարձակումի թիրախ դարձած զոհերու դիտաւորութեան Սուրբ Պատարագ, նախագահութեամբ Պարսելոնայի թեմի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Խուան Խոսէ Օմելլային  եւ ներկայութեամբ  Սպանիոյ Ֆիլիփ Զ թագաւորին,  Մարիանօ Ռաժոյ վարչապետին եւ Պարսելոնայի քաղաքապետին, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներուն հոծ բազմութեան։

Սուրբ Պատարագին ընթացին  արտասանած քարոզին մէջ Պարսելոնայի Արեքեպիսիպոսը նշեց. «Խաղաղութիւնը, մեր կեանքին լաւագոյն բարեկամն է, խնդրենք Տիրոջմէ, որ մեզի խաղաղութեան արուեստագէտները ըլլալու շնորհքը պարգեւէ ։» Ապա ծիրանաւորը կարդաց Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինիին, յանուն Սրբազան Քահանայապետին պատգամը, որուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր մօտիկութիւնը յայտնած է  ահաբեկչական արարքին պատճառած բազմաթիւ վիրաւորներուն, անոնց հարազատներուն  եւ Սպանիոյ համայն ընկերութեան նկատմամբ։

Քարոզի աւարտին  Կարդինալ Խուան Խոսէ Օմելլա յարեց, թէ  շաբաթ՝ 19 օգոստոսին  Ֆրանչիսկոս Պապ Պապ հեռաձայնային կապի պահած է, որուն մէջ տեղեկացուցած է թէ ինք մօտիկ կը գտնուի Սպանիոյ ժողովուրդին եւ հոգեպէս  կ՝ընկերանայ ահաբեկչական  յարձակումին զոհերու դիտաւորութեան մատուցուած Սուրբ Պատարագին արարողութեան։      








All the contents on this site are copyrighted ©.