2017-08-21 11:47:00

Հայաստան կը մասնակցի դամասկոսի 59-րդ միջազգային ցուցահանդէսին


Դամասկոսի 59-րդ միջազգային ցուցահանդէսին 43 մասնակցող երկիրներու շարքին է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հայաստանի տաղաւարը կը ներկայացնէ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը` Հայաստանի  առեւտրաարդիւնաբերական պալատի եւ Սուրիա-հայկական գործարար խորհուրդի հետ համագործակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը։

Տաղաւարի այցելուներուն կը ներկայացուի Հայաստանի տնտեսութիւնը եւ զարգացման հեռանկարները, երկրին մէջ իրականացուող ներդրումային քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ կը տրամադրուի տեղեկատուութիւն հիմնական արտադրողներու, որոնց շարքին սննդամթերքի եւ ջուրի, քարի արդիւնահանման եւ վերամշակման, ոսկերչութեան եւ բարձր արհեստագիտութիւններու եւ այլ մարզերու մէջ աշխատող ընկերութիւններու մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.