2017-08-19 11:10:00

Սպանական ոստիկանութիւնը Քամպրիլսի մէջ կանխարգիլեց ահաբեկչական յարձակում մը


Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումէն ժամեր ետք, սպանական ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ Պարսելոնայէն 110 քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք գտնուող Քամպրիլս քաղաքին մէջ սպաննած է Պարսելոնայի Լաս Ռամպլաս շրջանին մէջ կատարուած յարձակումին մեղսակից հինգ ահաբեկիչներ, որոնք կը կրէին ականուած գօտիներ:

Եօթը անձեր, ներառեալ ոստիկան մը վիրաւորուեցան, երբ երէկ կանուխ առաւօտուն ինքնաշարժ մը զանոնք վրայերթի ենթարկեց: Ինքնաշարժին շրջուելէն ետք, երբ յարձակումին հեղինակները անկէ դուրս եկած են, ոստիկանութիւնը անմիջապէս կրակ բացած է անոնց վրայ: Ինքնաշարժէն դուրս եկողներէն մէկը ձեռքը ունէր դաշոյն մը:

Այնուհետեւ ոստիկանութիւնը վնասազերծեց անոնց ականուած գօտիները:

Յիշեցնենք, որ Լաս Ռամպլասի մէջ հինգշաբթի գիշեր արձանագրուած յարձակումին պատճառով արձանագրուած էին 13 զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Անցորդները վրայերթի ենթարկած ինքնաշարժին վարորդը յաջողած էր փախուստ տալ:

Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ յարձակումը նկատեց «ժիհատական յարձակում» մը, որուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ՏԱՀԵՇ-ը: Ռախոյ երկրին մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարեց: Երէկ երկրին տարածքին քաղաքացիները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին զոհերուն յիշատակը:

Քաթալոնիայի ներքին գործոց նախարարի խորհրդական Խոաքին Ֆոռն յայտնեց, որ ահաբեկիչներուն կրած ականուած գօտիները կեղծ էին` աւելցնելով, որ «Օտի» տիպի ինքնաշարժը վրայերթի ենթարկած է ոստիկաններու խումբը, որմէ ետք անոնց միջեւ փոխադարձ հրացանաձգութիւն սկսած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.