2017-08-18 07:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապ իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ Սպանիոյ ամբողջ ժողովուրդին


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի,  17 օգոստոսին, Պարսելոնայի Լաս Ռամպլաս շրջանին մէջ կատարուած ահաբեկչական արարքին պատճառով մահացած են 13 անհատներ եւ աւելի քան 100 անձեր վիրաւորուած են։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած  յայտարարութեան համաձայն «Սրբազան Պապը մեծ մտահոգութեամբ տեղեկացած է Պարսելոնայի մէջ կատարուածին։ Ան կ'աղօթէ այդ յարձակումի զոհերուն համար եւ կը փափաքի յայտնել իր մօտիկութիւնը Սպանիոյ ամբողջ ժողովուրդին, յատկապէս վիրաւորուածներուն եւ զոհերու ընտանիքներուն։»

Եպիսկոպոս Հոզէ Ճիլ Թամայօ, Սպանիոյ եպիսկոպոսական ժողովի ընդհանուր քարտուղարը, նոյնպէս հրապարակած է յայտարարութիւն մը թուիթի վրայ, ըսելով՝ «մտահոգութեամբ եւ աղօթքով կը հետեւինք Լաս Ռամպլասի զանգուածային կոխկռտուքի զոհերու վիճակին։ Կը հաստատենք մեր զօրակցութիւնը Պարսելոնայի զոհերուն։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.