2017-08-18 10:04:00

Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցին յառաջդիմութիւն կը նկատէ կաթողիկէներու հետ երկխօսութեան մէջ


«Ռատիօ Վատիկան» Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ արտաքին բաժանմունքի պատասխանատու Մետրապոլիտ Հիլարիոն, "Il sole 24 ore" իտալական օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նկատած է, թէ վերջին տաս տարիներուն Ռուսիոյ եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ քաղաքական յարաբերութիւնները յառաջդիմութիւն արձանագրած են։

Մետրապոլիտը նշած է, թէ երկու Եկեղեցիները  համաձայն են այժմէական խնդիրներու նկատմամբ, ինչպէս՝ հոգեւոր արժէքներու կորուստը եւ քրիստնեաներու հալածանքները. ան աւելցուցած է, թէ քրիստոնեաներու հալածանքը «խնդիր մըն է, որ խորապէս կ'անհանգստացնէ թէ Օրթոտոքս Եկեղեցին եւ թէ Սուրբ Աթոռը, եւ մեզ կը մղէ, մեր ոյժերը միացնելու՝ գտնելու համար միասնական լուծում։»

Ապա ան անդրադարձած է Վատիկանի Պետական Քարտուղարի, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի, կիրակիէն մինչեւ հինգշաբթի Մոսկուա կատարելիք այցելութեան։ Հանդիպման ժամանակ քննարկուելիք իբր գլխաւոր նիւթեր ան նշած է Մերձաւոր Արեւելքի կացութիւնը եւ Ուքրանիան ինչպէս  նաեւ Սիւրիոյ խաղաղութեան լուծումի հետապնդումը։ Կարդինալ Փարոլինի այցելութիւնը կրնայ նպաստել, որ մերձեցուին տարբեր տեսանկիւնները եւ զանազան խնդիրներուն նկատմամբ գտնուին միասնական լուծումներ։ Մետարպոլիտը ըսած է՝ թէ հանդիպման ժամանակ  «ես Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջեւ եղած երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամբողջական լուսապատկերը պիտի քննարկեմ եւ կը յուսամ, որ  յաւելեալ զարգացման նոր հեռանկարներ հաստատենք։»

Ուքրանական Յոյն-Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նկատմամբ, Մետրապոլիտ Հիլարիոն ըսած է, թէ այդ երկու Եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեծող ամենէն բարդ հարցն է։ Ան գնահատանքով խօսած է 2009 թուականին Ռուսիոյ եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումին, ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Կիւրեղ Ա. Պատրիարքի 2016 թուականի Հաւանայի պատմական հանդիպումի մասին։ Ան նկատած է, թէ յիշեալ հանդիպումին շնորհիւ  երկու Եկեղեցիներու համագործակցութիւնը ուժեղացած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.