2017-08-18 09:37:00

«Ասթանայի բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Օգոստոսի վերջաւորութեան» ըսաւ Տը Միսթուրա


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յայտնեց, որ յառաջիկայ ամսուան սկիզբը սուրիական տագնապին մէջ նշանակալից շրջադարձներու սկիզբ մը պիտի ըլլայ` աւելցնելով. «Հոկտեմբերը սուրիական տագնապին համար վճռական պիտի ըլլայ»:

Ան յայտնեց, որ հոկտեմբերին ապագայ ընդդիմութիւնը կազմակերպելու խորհրդաժողով մը պիտի գումարուի` աւելցնելով, որ լուրջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան ընդդիմութեան Բարձրագոյն խորհուրդին եւ Գահիրէի ու Մոսկուայի խմբաւորումներուն միջեւ:

Տը Միսթուրա նաեւ յայտարարեց. «Տէր Զօրի եւ Ռաքքայի մէջ զինուորական գործողութիւններուն առումով մագլցումի ականատես պիտի դառնանք»:








All the contents on this site are copyrighted ©.