2017-08-17 11:06:00

Հալէպը աստիճանաբար կը վերականգնուի. դպրոցները վերամուտի կը պատրաստուին


Սուրիոյ հայաշատ Հալէպ քաղաքը աստիճանաբար կը վերականգնուի՝ անցնելով իր երբեմնի բնականոն հունին։

Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին յայտնած է Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ժիրայր Ռէյիսեան՝ նշելով, թէ սուրիահայերը կամաց-կամաց կը վերադառնան իրենց տուները եւ կը շարունակեն զբաղիլ իրենց աշխատանքով: «Սուրիահայերը կը վերադառնան, քանի որ այստեղ ձգած են իրենց տունն ու տեղը»,- ըսած է ան` աւելցնելով, որ հիմնական բարդութիւնը կապուած է ժողովուրդի տնտեսական վիճակին հետ:

«Սննդամթերքի պակասի հարցեր չկան, կան միայն  նիւթական դժուարութիւններ, սակայն քաղաքին մէջ կեանքը իր աշխատանքային վիճակին մէջ է: Վերականգնուած է նաեւ քաղաքին ջրամատակարարումը: Յուսանք, որ յառաջիկայ օրերուն դրական տեղաշարժ ըլլայ նաեւ ելեկտրականութեան պարագային, քանի որ բաւական վերջերս ելեկտրականութիւն կ՝ունենայինք օրուան մէջ ընդամէնը երկու ժամ»,- ըսած է պատգամաւորը: Ժիրայր Ռէյիսեանի խօսքով` նոր ուսումնական տարուան ընդառաջ դպրոցները նոյնպէս կը պատրաստուին վերամուտին:

Անդրադառնալով Հալէպի օդակայանին, Ռէյիսեան ըսած է, որ անիկա գրեթէ պատրաստ է, սակայն անվտանգութեան նկատառումներէն մեկնելով, դեռ չի գործեր: «Այնտեղ թռիչքներ կ՝իրականացուին, սակայն ոչ պաշտօնական, հանրային ծառայութեան իմաստով»,- աւելցուցած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.