2017-08-16 07:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հարաւային Քորէա կատարած միջազգային ճամբորդութեան երրորդ տարեդարձը


Ռատիօ Վատիկան) Այս օրերուն կը նշուի Ֆրանիչսկոս Պապի միջազգային առաքելական  ճամբորդութեան երրորդը տարեդարձը,  որ կատարեց Հարաւային Քորէա՝  ասիական երիտասարդներու վեցերորդ օրուան առիթով։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հարաւային Քորէա կատարած հովուական այցելութիւնը սկիզբ առած էր՝ 13 օգոստոսին 2014-ին,  եւ որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը,  Երանելի հռչակեց 124 Քորէացի նահատակներ։ Նորին Սրբութիւնը մասնակցեցաւ եւ հանդիսապետեց Ասիայի երիտասարդաց 6-րդ հաւաքի տօնախմբութիւններուն, հանդիպումներ ունեցաւ տեղական եւ ցամաքամասի եպիսկոպոսներուն հետ, այցելեց Քորէացի նահատակներու սրբավայրերը ու բարեսիրական գործունէութիւններու կեդրոններ, հանդիպեցաւ Սէուլի  մի քանի ընտանիքներուն հետ,  որոնցմէ մէկուն, անսպասելիօրէն, մատակարարեց սուրբ մկրտութեան խորհուրդը, այնպէս ինչպէս անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ իր եղբայրակից Յիսուսեաններու` Քորէայի մէկ համալսարանին։

Հինգ օր տեւող ճամբորդութեան վերջին օրը Ֆրանչիսկոս Պապը Սէուլի Մէոնկ Տոնկ աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ տեղական այլ կրօններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ, որմէ ետք , Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միշտ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց ''Քորէայի Խաղաղութեան եւ հաշտութեան'' սուրբ պատարագի արարողութեան՝, Քորէացի բոլոր եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ։ Սուրբ զոհի ընթացքին աղօթքներ կատարուեցան խաղաղութեան, պատերազմի դաշտերու, բաժանումներէ տառապողներու, աղքատներու եւ մեկուսացեալներու դիտաւորութեան։

Սէուլի Մէոնկ Տոնկ աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած ''Քորէայի Խաղաղութեան եւ հաշտութեան'' դիտաւորութեան սուրբ պատարագի արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, եկեղեցւոյ աւանդատան մէջ մէկիկ մէկիկ ողջունելէ ետք Քորէայի եպիսկոպոսները, եկեղեցւոյ 9 մարտիրոսներու նուիրուած դամբանին առջեւ պահ մը աղօթեց, ապա  հրաժեշտ առնելով ներկաներէն ուղղուեցաւ Սէուլի օդակայան, ուր տեղի ունեցաւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը, Սէուլի նախագահին եւ պատկան իշխանութիւններու ներկայութեամբ։

Այսպէսով վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապի Քորէա կատարած առաքելական միջազգային ճամբորդութիւնըՙ ասիական երիտասարդաց հաւաքի առիթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.