2017-08-15 12:15:00

Էլ Սալվատորի մէջ նշուեցաւ Երանելի Օսքար Արնուլֆօ Ռոմերոյին ծննդեան հարիւր ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 15 օգոստոս 2017-ին Էլ Սալվատորի մէջ յատուկ արարողութեամբ կը նշուի Երանելի Օսքար Արնուլֆօ Ռոմերոյին ծննդեան հարիւր ամեակը զոր որպէս Քահանայապետի յատուկ պատգամաւոր կը նախագահէ Սանդիակօ Տէ Զիլէի Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Անտրելլօ Ռիքարտօ Էցցաթին։  

Սոյն տօնախմբութեան նախօրեակին Սան Սալվատորի կաթողիկէ եկեղեցին կազմակերպած էր ուխտագնացութիւն մը որուն բնաբանն էր  «Ուղեւորութեան մէջ դէպի մարգարէին ծննդավայր» եւ  որ սկիզբ առած էր 12 օգոստոսի յետմիջօրէին,  Սան Սալվատորի  մայր տաճարին մէջ,  Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, ու վերջ գտած ` 157 քմ ուղեւորութենէ ետք, Երանելիին ծննդավայրին մէջ։

Օսքար Արնուլֆօ Ռոմէրօ ծնած էր 15 օգոստոս 1917-ին եւ նահատակուած է 24 մարտ 1980-ին՝ մինչ եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցէր սուրբ պատարագը։  2015-ի Մայիս 23ին Ֆրանչիսկոս Պապ զայն դասեց երանելիներու շարքին։

Օսքար Արնուլֆօ Ռոմէրօ Կալտամէզ մանուկ հասակէն փափաք կը յայտնէ քահանայ դառնալ։ 1930 -ին, Սան Միկէլի  դպրեվանքին մէջ կը կատարէ  Աստուծոյ եւ իր միաբանութեան հանդէպ առաջին խոստումները։

Անոր վանքին մեծաւորները անոր մէջ տեսնելով  ուսումի եւ հմտութեան

տենչը կ՛ որոշեն  զինք  ուղարկել Հռոմ՝ շարունակելու Աստուածաբանական ուսումները։  1937-1942-տարիներուն,  Հռոմի Կրէկորիանա Քահանայապետական համալսարանին մէջ ան կը հետեւի եւ կ՝աւարտէ իմաստասիրական եւ Աստուածաբանական ուսումները։  4 հոկտեմբեր 1942-ին կը ձեռնադրուի քահանայ։

Քահանայական կեանքի առաջին տարիներուն կը վարէ  ժողովրդապետի պաշտօնը ապա  կը դառնայ  քարտուղար՝ Սան Միկէլ թեմի եպիսկոպոսին ինչպէս նաեւ Էլ Սալվատորի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին։

24 ապրիլի 1970-ին կը նշանակուի Սան Սալվատոր Թեմի տեղակալ առաջնորդ։

15 հոկտեմբեր 1974-ին, կը նշանակուի երկրին ամենէն դժբախտ եւ աղքատ համարուած Սանթիակօ թեմի եպիսկոպոս։

Գերապայծառ Ռոմէրօ տեսնելով եւ ապրելով ժողովուրդին աղքատութիւնն ու դժբախտութիւնը առ աւելիով կը խանդավառուի ու զօրաւոր հաւատքով կը  շարունակէ ապրիլ իր քահանայական կոչումը, ամբողջովին ինքզինք նուիրելով աղքատներուն եւ անտէր մարդոց։

Պատերազմի շրջանին, անմեղ հոգիներու  սպանութիւններն ու անարդարութիւնները ստիպեցին հայր Ռոմէրոյին հրապարակաւ բողոքել եւ դատապարտել սոյն բռնի եւ անարդար արարքները։

Գերապայծառ  Ռոմէրոյի քարոզներն ու վարդապետական ուսուցումները կը սփռուէին   տեղական Ռատիոկայաններէն ու Անոր համբաւը  հետզհետէ կը տարածուեր ամենուրէք։

 23 մարտ 1980-ին, Գերապայծառ Ռոմէրօ,  հրապարակաւ  կոչ կ՛ուղղէ զինուորական պատասխանատուներուն, դէմ կենալու եւ չի գործադրելու Պետութեան կողմէ հրահանգուած հրամանները,  երբ՝ անոնք հակառակ են մարդկային բարոյականին։

''Ես կը փափաքիմ,  յատուկէն կոչ ուղղել Զինուորական եւ ազգային  պաշտպանութեան անդամներուն, ըսելով. եղբայրներ դուք կը պատկանիք մէկ ժողովուրդի, դուք կը սպանէք ձեր եղբայրները,  ձեզի կ՝ըսեմ մի սպանէք։

Մարդու կողմէ տրուած մարդ սպաննելու հրահանգին,  պէտք է գերիշխէ Աստուծոյ պատուէրը՝ Մի սպաներ։ Ոչ մէկ զինուոր պէտք է հակառակի Աստուծոյ Օրէնքին, կը խնդրեմ, կը պաղատիմ մի սպանէք'' ըսած էր գերապայծառ Ռոմէրօ։

Յաջորդ օր,  24 մարտ 1980-ին,  զինուորական հիւանդանոցի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, գերապայծառ Ռոմերօ կը սպաննուի, ազգային քաղաքական շարժումի պատկան անձի մը կողմէ։

Զինուորները ապա Անոր յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցող հաւատացեալներուն վրայ եւս կրակ բանալով կը սպանեն հարիւրաւոր անմեղ հաւատացեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.