2017-08-14 13:30:00

Սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէի տօնին առթիւ Քահանայապետը կը հրաւիրէ ապաւինիլ Աստուծոյ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Տիրոջ ապաւինելու ուղեւորութիւնը սկիզբ կ՛առնէ ամէն օր, առաւօտէն սկսեալ». Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ երկուշաբթի 14 օգոստոսին հրապարակած թուիթին մէջ, Սուրբ Մասսիմիլանօ Քոլպէի ծիսական տօնին առթիւ։

Սուրբ Մասսիմիլանօ Քոլպէ նահատակուած է Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարին մէջ իր կեանքը զոհելով ընտանիքի մը հօր մը տեղ։

Յիշեցնենք թէ 2016-ի Յուլիս 29-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն տուած էր վերոնշեալ ճամբարին եւ այնտեղ լռելեան աղօթած էր ճիշտ այն վայրին մէջ ուր Սուրբը զոհած էր իր կեանքը։

Այցելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ստորագրելով համակեդրոնացման ճամբարին ոսկեմատեանը գրած էր « Տէր ողորմիր քու ժողովուրդիդ վրայ, ներէ այդքան վայրագութիւն»։








All the contents on this site are copyrighted ©.