2017-08-14 09:10:00

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքը ողողուեցաւ ուխտաւորներու հոծ բազմութեամբ


Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը յատուկ տեղ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդի ազգային ու հոգեւոր կեանքին մէջ: Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի «Ուխտի օր»-ը ամէն տարի կը տօնախմբուի հանդիսաւորապէս` յատուկ արարողութիւններով եւ ժողովրդական աւանդութիւններով:

Արդարեւ, 12 օգոստոս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու հաւատացեալներու հոծ բազմութեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի «Ուխտի օր»-ուան առիթով մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ` Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին վրայ: Օրուան պատարագիչն էր Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, իսկ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի:

Պատարագի աւարտին, միաբան հայրերէ կազմուած թափօրը դէպի խորան առաջնորդեց վեհափառ հայրապետը, որ եկեղեցւոյ հայրերու կանոններուն համաձայն կարդաց Աստուածամօր ուղղուած գոհաբանական աղօթքը եւ օրհնեց Ս. Աստուածածինին իբրեւ երախայրիք ընծայաբերուած մատաղն ու խաղողը: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ներկայ հոծ բազմութեան` խօսելով Աստուածամօր յատկանիշներուն մասին: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ յատկապէս յիշեց երեք կարեւոր կէտեր. ա) Աստուածամօր մայրութեան տիպարը, բ) երիտասարդութեան կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ, եւ գ) հայու ինքնութեան հարցը:

Խօսելով Աստուածածինին տիպար մայր ըլլալու հանգամանքին մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մեր մայրերն ու քոյրերը իրենց կեանքին դիմաց պէտք է միշտ ունենան Ս. Մարիամ Աստուածածինը, անոր աղօթական ու ծառայական կեանքը, երկնային շնորհներով լեցուն անձը պէտք է ուղեգիծը դառնայ մեր մայրերուն ու քոյրերուն յատկապէս ներկայ աշխարհին մէջ, ուր ամէն տեղ շրջապատուած ենք մեզ մոլորեցնող բազմազան երեւոյթներով»:

Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ երիտասարդութեան կարեւորութեան ու դերակատարութեան եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ` ըսելով. «Կը յիշեցնենք մեր երիտասարդներուն, թէ մեր եկեղեցին իրենց հետ է. մենք կը գնահատենք մեր երիտասարդները, կը վստահինք մեր երիտասարդութեան ու կը սպասենք, որ հեռու չմնան մեր կեանքէն եւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն մեր հաւաքական կեանքին, բոլոր մարզերուն մէջ ու բոլոր մակարդակներուն վրայ: Նաեւ կը թելադրենք մեր պատասխանատու կառոյցներուն, որ լայն տեղ յատկացնեն մեր երիտասարդներուն` քաջալերելով զանոնք, որ իրենց ունեցած կարելիութիւններէն ու կարողականութենէն առաւելագոյն չափով ներդրում կատարեն մեր հաւաքական կեանքին»:

Վերջապէս, անդրադառնալով սփիւռքի հայուն ինքնութեան, Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց. «Մեր մօտեցումը մօտիկ անցեալին եղած է պարագայական ու երբեմն` մակերեսային: Ժամանակն է, որ լուրջ մօտեցում ունենանք այս յոյժ կարեւոր հարցին նկատմամբ, որովհետեւ այսօր, փաստօրէն, մէկ կողմէ Հայաստանէն արտագաղթած մեր ժողովուրդի զաւակներով աւելի ծաւալած է հայ սփիւռքը եւ նորանոր խնդիրներով ու մարտահրաւէրներով ծանրաբեռնուած, իսկ միւս կողմէ` շրջապատուած է այնպիսի հոսանքներով, որոնք սկսած են մաշեցնել հայու ինքնութիւնը: Չմոռնանք, որ Ցեղասպանութենէն ետք սփիւռք դարձած հայը ամէնօրեայ պայքարի վերածեց իր կեանքը եւ թոյլ չտուաւ, որ սպիտակ ջարդը աշխարհի երեսէն ամբողջութեամբ բնաջնջէ հայ ժողովուրդը: Ներկայ ժամանակներուն մեզ շրջապատող ահաւոր վտանգներուն դիմաց մենք պարտաւոր ենք առողջ եւ հզօր պահել մեր ինքնութիւնը»:

Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, հաւատացեալները հաղորդակից դառնալով Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնի խորհուրդին` ստացան համայն ննջեցեալներու հոգիներուն համար օրհնուած մատաղը եւ աստուածային զոհագործումի, բարիքներու եւ բերրիութեան խորհրդանիշ հանդիսացող խաղողի այս տարուան առաջին օրհնուած ճիռերը: Յայտնենք, որ «Ուխտի օր»-ուան պատարագը արբանեակային պատկերասփիւռի կայանով սփռուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը` հայրենիքի թէ աշխարհի տարբեր ծայրամասերուն ապրող ժողովուրդի մեր զաւակները եւս հաղորդակից դարձնելով հոգեթով արարողութիւններուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.