2017-08-11 07:14:00

Ֆաթիմայի Սրբավայրին մէջ ''Գաղթականին եւ ապաստանեալին ազգային 45-րդ ուխտագնացութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 12 եւ կիրակի 13 օգոստոսին, Փորթուկալի Ֆաթիմայի Սրբավայրին մէջ տեղի կ՛ունենայ  ''Գաղթականին եւ ապաստանեալին'' ազգային ուխտագնացութեան 45-րդ փուլը, զոր կը նախագահէ Նոր Աւետարանութեան զարգացումի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան եւ որուն բնաբանն է ''Սրբուհի Մարիամ, Մայր Աստուծոյ'', որուն ընթացքին կը իշատակուի Տիրամօր, երեք փոքրիկ հովիւներուն` Ֆրանչեսքօ, Ճաչինթա եւ Լուչիայի, չորրորդ երեւումը։

Ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած է Փորթուկալի` գաղթականներու ի սպաս  Կաթողիկէ հաստատութեան կողմէ, նպատակ ունենալով լուսարձակի տակ առնել կարեւոր իրողութիւն մը այն է` ''ընկալել ապագան. գաղթականներու նոր սերունդը­ մարդկութեան ապագան են''։

Ուխտագնացութեան յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ 12 օգոստոսի 18,30-ին Ֆաթիմայի Սրբավայրին մէջ ձեռնարկի ներկայացումի մամլոյ ասուլիսով, ապա 21,30-ին տեղի կ՛ունենայ մոմերու օրհնութեան արարողութիւնը եւ Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը­, հուսկ 22,30-ին Սուրբ Պատարագ որուն աւարտին սկիզբ կ՛առնէ աղօթքի հսկումը` Ամենասուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքով։

Նշենք թէ Կիրակի 13 օգոստոսին, Փորթուկալի բոլոր քրիստոնեայ հասարակութիւններու եւ ժողովրդապետութիւններու ներքոյ կազմակերպուած է ''զօրակցութեան օրը''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.