2017-08-11 11:05:00

Հայաստանի հանրապետութեան մէջ 12-ամեայ կրթութիւնը պարտադիր պիտի դառնայ


Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 12-ամեայ կրթութիւնը կը դառնայ պարտադիր:

2017 թուականի Սեպտեմբեր 1-էն ուժի մէջ պիտի մտնէ «Հանրակրթութեան մասին» օրէնսդրական պահանջը: Մինչ այս պարտադիր էր 9-ամեայ կրթութիւնը:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ լրագրողներու հետ Օգոստոս 10-ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին՝ ՀՀ ԿԳՆ հանրակրթութեան վարչութեան պետ Աշոտ Արշակեան ըսած է, որ 12-ամեայ կրթութեան պարտադիր ըլլալը աշխարհի մէջ կայուն զարգացման նպատակներէն է:

Անոր խօսքով` հանրակրթութեան մասին օրէնքով Սեպտեմբեր ամիսէս ասիկա պիտի դառնայ պարտադիր, ինչպէս նաեւ՝ սահմանադրական պահանջ:

Անդրադառնալով 12-ամեայ կրթութեան վտանգներուն` Աշոտ Արշակեան նկատած է, որ խնդիր ունին իւրաքանչիւր պզտիկի կրթութեան իրաւունքի իրացման հետ: «Նախապէս շատ պզտիկներ, աւարտելով 9-րդ դասարանը, չէին երթար աւագ դպրոց կամ որեւէ արհեստագործական ուսումնական հաստատութիւն: Հիմա` Սեպտեմբեր 1-էն՝ պէտք է պարտադիր յաճախեն կա՛մ աւագ դպրոց, կա՛մ արհեստագործական, կա՛մ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններ»,- ըսած է ան:

ՀՀ ԿԳՆ հանրակրթութեան վարչութեան պետը նշած է, որ դպրոցը աւարտելէ յետոյ խնդիր կայ կապուած այդ պզտիկներուն հիմքը ունենալու, ճշգրտելու եւ կրթութիւնը կազմակերպելու հետ:

«Օրէնքի պահանջ է, որ մինչեւ 2025 թուական պիտի անցնինք համընդհանուր ներառական կրթութեան կազմակերպման, եւ կարիք կայ կրթութեան առանձնայատուկ պայմաններու կրթութեան իրաւունքի իրացման հետ: Որոշ պարագաներու ծնողներու չգիտակցելու կամ խնդիրին լուրջ չվերաբերուելու պարագային՝ շատ պզտիկներ կրնան դուրս մնալ կրթութենէն»,- ըսած է Արշակեանը:

Կրթական ճարտարագիտութիւններու ազգային կեդրոնի (ԿՃԱԿ) տնօրէն Արտակ Պօղոսեանի հաւաստիացումով` 9-ամեայ կրթութենէն ետք չշարունակողներուն թիւը շատ փոքր է, չնչին է եւ կը կազմէ 0,0 01 %:

«2016-ի թուականի հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ 9-էն ետք մօտ 98%-ը կը շարունակէ կրթութիւնը: Իսկ այն յայտարարութիւնները, թէ 10%-ը չի շարունակեր, խօսքը կը վերաբերի աւագ դպրոցներուն, այսինքն` աւագ դպրոց չեն երթար, բայց կ՝երթան նախնական կամ միջին մասնագիտական կրթական հաստատութիւններ: Այսինքն, ըստ էութեան, պետութիւնը խնդիր ունի լուծելու 2%-ի հետ, որ կրթութիւնը շարունակեն»,- ըսած է ան եւ յստակեցուցած` օրէնքը չի պարտադրեր աւագ դպրոց երթալ, կրնան երթալ նաեւ մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.