2017-08-10 08:41:00

Փարիզի արուարձանին մէջ ինքնաշարժ մը վրայերթի ենթարկեց Ֆրանսացի զինուորներ։


Փարիզի Լըւալուա-Փերրէ արուարձանին մէջ ֆրանսացի վեց զինուորներ վիրաւորուեցան, երբ «Պի.Էմ.Տապլիու» տիպի ինքնաշարժ մը վրայերթի ենթարկեց զիրենք:

Դէպքը պատահեցաւ երէկ, տեղւոյն ժամանակացոյցով ժամը 8:15-ին, երբ զինուորները զօրանոցէն դուրս կու գային Վերտենի հրապարակ: «Ռոյթըրզ»-ի համաձայն, զինուորները ահաբեկչութեան դէմ «Սանթընել» գործողութեան մասնակիցներ էին:

Լըւալուա-Փերրէի քաղաքապետ Փաթրիք Պալքանի յայտնեց. «Այդ ինքնաշարժը կանգնած էր զօրանոցին մօտ: Անոր վարորդը ակնյայտօրէն կը սպասէր զինուորներուն դուրս գալուն…Կը կարծեմ` կացութիւնը կարելի է գնահատել իբրեւ ծրագրուած գործողութիւն»:

Աւելի ուշ, Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ հաստատեց, որ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է զինուորները վրայերթի ենթարկած անձը:








All the contents on this site are copyrighted ©.