2017-08-10 08:35:00

Թրամփ Հիւսիսային Քորէային կը սպառնայ «հուրով ու աննախադէպ զայրոյթով»


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպառնաց, որ եթէ Հիւսիսային Քորէան ուզէ հիւլէական սպառնալիքին մէջ մագլցում արձանագրել, «զայն պիտի դիմակայենք հուրով եւ աշխարհի վրայ աննախադէպ զայրոյթով»:

«Աշխարհի երկիրները պէտք է Հիւսիսային Քորէայի նկատմամբ աւելի խիստ ու վճռական կեցուածքներ որդեգրեն», ըսաւ ան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ նշեց. «Տարիներ շարունակ ձախողելէ ետք, պետութիւնները յաջողեցան միաւորուիլ դիմակայելու համար Հիւսիսային Քորէայի ներկայացուցած վտանգը: Բոլորը պէտք է Փիոնկիանկի նկատմամբ աւելի վճռական ու խիստ ըլլան»:

Նախքան Թրամփի յայտարարութիւնը, ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններու աղբիւրներ հաղորդած էին, որ Հիւսիսային Քորէան յաջողած է արտադրել իր հրթիռներու չափին յարմարող հիւլէական փոքր ռազմագլխիկներ:

Միւս կողմէ, Քորէայի կեդրոնական լրատու գործակալութիւնը տարածեց Հիւսիսային Քորէայի բանակի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներէն մէկուն այն յայտարարութիւնը, թէ Փիոնկիանկ կ՛ուսումնասիրէ որեւէ պահու «Հվասոն-12» հրթիռներով Միացեալ Նահանգներու Կուամ կղզիին վրայ գտնուող ռազմակայանները հարուածելու վերաբերող ծրագիրը:

«Ներկայիս ռազմավարական ուժերը մանրամասնօրէն կ՛ուսումնասիրեն Կուամ կղզիին մէջ հիմնական ամերիկեան ռազմակայանները զսպելու նպատակով գործողութեան` միջին եւ մեծ հասողութեամբ «Հվասոն-12» հրթիռներով հարուածելու վերաբերեալ գործնական ծրագիրը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը նշէ, որ յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ հարուածները կրնան հասցուիլ նաեւ Միացեալ Նահանգներու օդուժի «Էնտըրսըն» ռազմակայանին, ուր կը գտնուին «Հիւսիսային Քորէայի ջիղերուն վրայ ազդող» ռազմավարական ռմբաձիգները:

Յայտարարութեան համաձայն, ուսումնասիրուող ծրագիրը շուտով պիտի ներկայացուի երկրի ղեկավար Քիմ Չեն Ընին, իսկ յետոյ անիկա կրնայ որեւէ պահու «գործնականօրէն կիրարկուիլ, եթէ Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Քիմ Չեն Ըն որոշում տայ»:

Կը նշուի, որ երեքշաբթի առաւօտեան Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական ռմբաձիգները «իրական պատերազմի» թռիչքներ կատարած են Հարաւային Քորէայի օդային տարածքին մէջ:

Փիոնկիանկէն հնչող վերջին սպառնալիքներուն լոյսին տակ, Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Չժէ Ին կոչ ուղղած է անյապաղ բարձրացնելու երկրի պաշտպանուելու կարողութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.