2017-08-10 08:49:00

ԵԱՀԿ-ը դիտարկում իրականացուցած է Ասկերանի ուղղութեամբ


Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ, Օգոստոս 9-ին, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծին վրայ ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է Ասկերանի շրջանի ուղղութեամբ` Ակնա-Հինդարխ ճանապարհահատուածին: Այս մասին կը հաղորդեն ԱՀ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնականներ Կենատիէ Փեդրիգան (Մոլտովա) եւ Օկնեն Եովիչը (Պոսնիա եւ Հերցեկովինա), ինչպէս նաեւ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից  Մարթին Շուսթրը (Գերմանիա):

Սահմանագիծին հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպշիկը եւ անոր դաշտային օգնական Միխաիլ Օլարուն (Մոլտովա):

Դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին:

Դիտարկման առաքելութեան արցախեան կողմէն ուղեկցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:








All the contents on this site are copyrighted ©.