2017-08-10 07:42:00

Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ Զապարեան նշեց իր ձեռնադրութեան 45 ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ կիրակի 6 օգոստոս 2017-ի առաւօտեան 10,30-ին, Քանատայի Քեպէք քաղաքի Նարեկի Տիրամօր ժողովրդապետութեան Հովիւ` Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ Զապարեան, որ Լիբանանի Քեսըրուանի շրջանի մէջ գտնուող Զմմառու վանքին մէջ­, անցեալ օրերուն, ի շարս այլ միաբաններուն, իր մասնակցութիւնը բերած էր Արծիւեան միաբանութեան ընտրական ընդհանուր ժողովին, Զմմառու վանքի  Վերափոխեալ Աստուածամօր եկեղեցւոյ մէջ, յատուկ պատարագով ուզեց նշել իր քահանայական ձեռնադրութեան 45 ամեակը` որ տեղի ունեցած է 16 յուլիս 1972-ին Հալէպի մէջ։

Հայր Գէորգ Զապարեանի հետ համապատարագեցին իրենց քահանայական ձեռնադրութեան 25ամեակը բոլորող երեք կուսակրօն քահանաներ, որ եղած են նաեւ Անոր աշակերտները երբ Ան կը վարէր Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի տեսուչի պաշտօնը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Գերյարգելի Ծայրագոյն Վարդապետին վերոնշեալ արարողութեան ընթացքին արտասանած յաւուր պատշաճի քարոզը։

 

Կիրակի, 6 Օգոստոս 2017

«Ահա ես եւ մանկունք իմ»։ 25ամեայ քահանայ, մորուքաւոր ու ալեհեր դարձած մանկունք իմ՝ Հ. եղիա Դերձակեան, Հ. Մովսէս Տօնանեան եւ Հ. վարդան Ծ վրդ. Գազանճեան։

Երեքն ալ աշակերտներս էին Հռոմի Լեւոնեան Ք. դպրեվանքին մէջ, որոնք այսօր կը նշեն իրենց քահանայական ձեռնադրութեան 25ամեակը, մինչ ես՝ տրուպս առաքելոց, կը նշեմ իմ 45ամեակը։

Սոյն հանգրուանային կարեւոր թուականները կը նշենք գոհաբանական այսօրուայ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով՝ Զմմառու միաբանութեան դարաւոր մայրավանքի Աստուածամօր Վերափոխման նուիրուած այս եկեղեցիին մէջ։

միաժամանակ, յատուկ աղօքթ կը բարձրացնենք նաեւ

Առաջին՝ Զմմառու Միաբանութեան նորընտիր Պատրիարքական Փոխանորդին եւ անոր Վարչականներուն համար։

Երկրորդ՝ Անարատ Հայ Քոյրերուն համար, որ այս տարի կը նշեն իրենց Միաբանութեան հիմնադրութեան170ամեակը։

Երրորդ՝ Արհիապատիւ Տէր Մանուէլ Արք. Տապպաղեանին Համար, որ այսօր կը բոլորէ իր եպիսկոպոսական Օծման 10ամեակը։

Բոլորին կը յայտնենք բոլոր սրտագին եւ ջերմագոյն բարեմաղթութիւնները։

Այժմ, խուսափելով անդրադառնալէ ցայժմ ապրած մեր կեանքի յուզիչ դէպքերուն ու դրուագներուն, պիտի ջանամ խօսքս կեդրոնացնել Քահանայութեան վրայ, ինչ որ, ըստ իս, աւելի կարեւոր է։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր,

Արհիապատիւ, գերայարգելի եւ գերապատիւ հայրեր

Սիրասուն նորնըծաներ

Առաքինազարդ Քոյրեր

սիրելի հաւատացեալներ,

Տասնեակ տարիներ առաջ, սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը, իր քահանայութեան 50ամեակի առիթով, գիրք մը հրատարակեց «Պարգեւ եւ Խորհուրդ» խորագրով։ Ան, այս գրքին մէջ կ,ըսէր «իւրաքանչիւր քահանայական կոչում պարգեւ մըն է եւ խորհուրդ՝ որ մարդուն մտքէն անհունապէս վեր է», ապա՝ կը բացատրէր թէ՝ Քահանայական Խորհուրդի շնորհիւ է որ աստուածորդին՝ Յիսուս Քրիստոս ներկայ է մեզի հետ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, եւ թէ՝ Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդով է, որ կը կատարուի վերա-ներկայացումը մեր Տիրոջ մահուան եւ Յարութեան ի փրկութիւն ազգի մարդկան։

Արդարեւ, Սուրբ Պատարագի ընթացքին, հռչակուած Աստուծոյ Խօսքով շփման մէջ կը մտնենք Քրիստոսի Յարութեան, այսինք՝ մեղքի եւ մահուան վրայ իր տարած յաղթանակի զօրութեան հետ, իսկ այս նոյն Աստուծոյ Խօսքին հռչակումը իր բարձրակէտին կը հասնի երբ քահանան կը սրբագործէ հացն ու գինին Սուրբ Զոհին ատեն։

Իւրաքանչիւր Պատարագով, Քահանայութեան շնորհիւ, Քրիստոսի փրկարար Մահն ու Յարութիւնը փրկաւէտ իրականութիւն կը դառնան, Աստուծոյ համայն ժողովուրդին համար։

Քահանայութան մասին խօսիլ կը նշանակէ խօսիլ Յիսուսի Քրիստոսի մասին, զի Ինքն է մեր երէց Քահանան։ Ինքն է, որ ներկայ է իւրաքանչիւր պատարագի մէջ։ Իր զօրութեամբ է, որ Իր Մահն ու Յարութիւնը կը վերանորոգուին մեր խորաններուն վրայ։ Ասոր առընթեր, Իր կամքն է, որ իւրաքանչիւր Քահանայ զԻնք ներկայացնէ եւ եւ Իր անունով Զոհ ընծայէ։ Այս է անիմանալի Պարգեւը, որ կը բխի Քրիստոսի սուրբ Սրտէն եւ այս է անհասանելի Խորհուրդը, զոր ազատօրէն ընդունելով մեզ ատակ կը դարձնէ քահանայագործելու իր անարատ մարմինը եւ պատուական արիւնը, ինչ որ մեզմէ կը պահանջէ զոհողութիւն եւ սէր եւ ինչ որ մենք Յոբելեաներս ջանացինք կատարել մեր քահանայութեան տարիներուն, մեր մարդկային տկարութիւններով ու թերութիւններով։

Այսօր, շնորհակալ ենք ձեզի, որ ներկայ էք մեզի հետ նշելու համար Պարգեւ եւ Խորհուրդ հադիսացող մեր քահանայական կոչման 25 եւ 45 ամեակները։ Ձեր մասնակցութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար։

Շնորհակալ ենք Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերապայծառին, որ մեզի պատեհութիւնն ընծայեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հանդիսապետութեամբ, Գոհաբանական այս սուրբ Պատարագը մատուցանելու։

Այս տօնակատարութեան նպատակն է գոհութիւն մատուցանել Աստուծոյ՝ մեզի առատաձեռնած Քահանայութեան Պարգեւին ու Խորհուրդին, որոնցմով ծառայեցինք Քրիստոսի Եկեղեցւոյն, հայ ազգին եւ հայ ժողովուրդին՝ հոգեւոր, դաստիարակչական եւ մշակութային անդաստաններէն ներս՝ ի հեճուկս մեր պակասութիւններուն։

Այսօր, երախտագէտ սրտով ու աղօթքով կը յիշենք մեր ծնողները, մեր եղբայրներն ու քոյրերը, մեր մեծաւորներն ու կազմաւորողները մեր դաստիարակներն ու առաջնորդները ըլլայ’ մեր ծննդավայրի, ըլլայ’ Զմմառու ընծայարանի, ըլլայ’ Հռոմի Լեւոնեան Դպրեվանքի եւ զանազան առաքելավայրերու մէջ։

Մինչ 25 եւ 45 տարուայ քահանայութիւնը մեզմէ կը պահանջէ գոհաբանական զգացումներ ունենալ, կը պահանջէ նաեւ, որ Եկեղեցւոյ բառերով հայցենք Աստուծոյ ներողութիւնն ու ներումը մեր թերացումներուն եւ սաթաքումներուն համար, ըսելով՝« խոստովանինք առաջի Աստուծոյ…եւ առաջի ձեզ՝ հարք եւ եղբարք, զամենայն մեղս մեր որ գործեաալ ենք…աղաչենք զձեզ՝ խնդրեցէք վասն մեր յԱստուծոյ զթողութիւն։»

Մինչ գոհութիւն կը մատուցանենք ամենայն բարեաց տուիչին, շնորհակալ ենք Զմմաբու Տիրամօր՝ իր մշտատեւ բարեխօսութեան եւ յարատեւ օգնականութեան համար՝ մեր բոլոր յոյսերուն եւ ուրախութիւններուն մէջ ինչպէս նաեւ անցեալին մեր դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն ժամանակ։

կը դիմենք նաեւ զմմառու Միաբանութեան պարծանք հանդիսացող մեր նահատակներուն, մանաւանդ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի, որպէսզի մեզի օգնեն շարունակելու մեր քահանայական առաքելութիւնը՝ անսակարկ տրամադրելիութեամբ, աննահանջ հաւատարմութեամբ եւ անպակաս սիրով։

Վերջապէս մինչ կը շարունակենք Մատուցանել սուրբ Պատարագը, որ Յիսուսի Մահուան եւ Յարութեան տօնական ծիսակատարումն է,  կ’աղօթենք Աստուծոյ՝ մեր մատուցած Սուրբ Զոհի բառերով՝«զմեզ անդատապարտ պահեա ի քահանայագործութիւն աստուածային խորհրդոց»։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.