2017-08-08 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ թուիթով մը յիշատակեց Սուրբ Տոմենիքոս Տէ Կուզմանի ծիսական տօնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր Լատին Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Տոմենիքոս Տէ Կուզմանի ծիսական տօնը։ Սուրբ Տոմէնիքոս եղաւ Ս. ֆրանչիսքոսի ժամանակակից կրօնաւորներէն, անոր նման ''արմատական վերանորոգումներ բերաւ եկեղեցիին''  հիմնելով քարոզիչ եղբայրներու կարգը որը ապա կոչուեցաւ Տոմինիքեան Միաբանութիւն եւ որ Քահանայապետկան վաւերացումը ընդունեց 12 դեկտեմբեր 1216-ին ունենալով որպէս հիմնական արաքելութիւն քարոզն ու սերտողութիւնը։ 

Տոմէնիքոս Կուզման ծնած էր Սպանիոյ Կալարուեգա քաղաքը։ Մանկութենէն իսկ բնական բերում ցոյց տուած է եկեղեցական ուսմանց եւ բարեպաշտական կրթութեանց։ Քահանայ կը ձեռնադրուի 26 տարեկանին, մաս կազմելով՝ իր թեմին պատկանած Օսմա քաղաքին հոգեւոր դասին։ Թեմին եպիսկոպոսը խիստ կրօնական, կարգապահական ու հաւաքական կեանք մը ստեղծած էր հետեւելով Ս. Օգոստինոսի կանոններուն։ Տոմէնիքոս նշանաւոր եղաւ իր հոգեւոր առաքինութիւններով եւ պաշտօնին մէջ բարձրանալու ձգտումէն հեռու, ստանձնեց իրեն յանձնուած պարտականութիւնները, ծառայելով խոնարհութեամբ եւ անձնուիրութեամբ։ Պայքարեցաւ Ալբիկեան աղանդաւորներուն դէմ որոնք տարածուած էին ֆրանսայի հարաւը։ Իր խստակեաց եւ աղքատ կեանքով քարոզեց Աւետարանը։ Մուրացկաններուն հետ եւ անոնց նման ապրեցաւ, նուիրուելով ուսմանց եւ աղօթքի, որպէսզի յաջողէր իր քարոզչական առաքելութիւնը։
''Խօսիլ միշտ Աստուծոյ հետ եւ Աստուծոյ մասին'' այս էր անոր տեսլականը։ Սուրբ Տոմէնիքոս Կուզման իր մահկանացուն կնքեց 6 օգոստոս 1221-ին Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ իր իսկ հիմնած Տոմինիքեան միաբանութեան վանքին մէջ, իր եղբայրակիցներուն հաղորդելով վերջին յորդորը  ''ըլլալ եղբայրասէր, պահպանել  հեզութիւնը եւ կամաւոր սեփականութիւն ունենալ աղքատութիւնը''։
Սուրբ Տոմէնիքոս Տէ Կուզմանի տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ գրեց ''Այսօր փառք կը մատուցանենք Հօր` Սուրբ Տոմենիքոսի իրագործած գործին համար, ի ծառայութիւն  քարոզուած աւետարանին, խօսքով եւ կեանքով''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.