2017-08-08 07:11:00

«Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» հաստատութեան օժանդակութիւնը Նիկերիացի այրիներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» հաստատութիւնը որոշած է 70 հազար եւրօ տրամադրել, օգնելու համար հինգ հազար Նիկերիացի կիներու, որոնք Պոքօ Հարամի պատճառով մնացած են այրի։ Այս կիները բացի սուգի պատճառած ցաւէն, նաեւ զրկուած են նիւթականէ, որովհետեւ շատ անգամ ընտանիքի ապրուստը կախեալ է միայն ամուսնի աշխատավարձքէն։

Այրի կիներու յիշեալ թիւը գնահատուած է Գերապայծառ Օլիվըր Տաշէ Տոէմէի կողմէ, եպիսկոպոս հիւսիսային Նիկերիայի Մայտուկուրի թեմին, որ ամենէն աւելի վնասուածն է Պոքo Հարամի կողմէ։ Ըստ քահանայապետական հաստատութեան հաւաքած տուեալներուն, ցայսօր Նիկերիայի մէջ աւելի քան 20 հազար հոգի զոհ են իսլամական ծայրայեղութեան, որոնց բռնութիւնները ազդած են գրեթէ 26 միլիոն նիկերիացիներու վրայ եւ 2,3 միլիոն մանուկներ զրկած են ուսումէ։

«Նիկերիայի մէջ արդէն տարիներէ ի վեր ողբերգական վիճակ կը տիրէ», ըսած է Մարթա Փետրոսիլլօ, բանբեր Իտալիոյ «Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցւոյ» հաստատութեան։ Ան նկատած է, թէ «Հաստատութիւնը ճիգ կը թափէ լսելի դարձնել քրիստոնեաներու ձայնը եւ կանգնիլ Նիկերիայի Եկեղեցւոյ կողքին, փորձելով պատասխանել տեղական թեմերու խնդրանքին։»








All the contents on this site are copyrighted ©.