2017-08-07 12:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Փերուվիացիներուն. ''Աշխատեցէք միութեան համար''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աշխատեցէք միութեան համար'' այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին. յառաջիկայ Յունուար 2018-ին այցելելիք Փերույի բնակչութեան ուղղուած հրաւէրը` լսատեսողական մէկ պատգամի մը ընդմէջէն զոր հրատարակեց Լիմայի Արքիեպիսկոպոսը` Կարդինալ Խուան Լուիս Չիփրիանի Թորնը։

Սրբազան Քահանայապետը   կը յայտնէ իր մեծ իղձը այցելելու Հարաւ ամերիկայի այդ երկիրը հաստատելով թէ Փերուվիացիները բազմաթիւ կենսամիջոցներով ազգ մըն են ու թէ այդ կենսամիջոցներու կարեւորագոյնը սուրբերն են որոնք կառուցեցին Եկեղեցին քալելով միութեան ճանապարհին վրայ։ 

''Սուրբ մը արդարեւ կը գործէ միշտ այդ ուղղութեամբ'', նշեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ ''այդ մէկը ըրաւ նաեւ Յիսուս'' ու թէ ''Քրիստոնեան հետեւելու է այդ ճանապարհին''։ Ուստի Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը գործելու վասն միութեան. ''Այն որ միութեան համար կ՛աշխատի յառաջ կը նայի ու Քրիստոնեան յառաջ կը նայի յոյսով որովհետեւ կը վստահի Տիրոջ խոստումին, ասոր համար աշխատեցէք միութեան ու յոյսի վրայ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը պատգամին աւարտին Փերուվիացիները ողջունելով ու անոնց ժամադրութիւն տալով յառաջիկայ հանդիպումին` երբ 15-21 յունուար 2018-ին առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի մեկնի Չիլէ ապա Փերու, այս վերջինիս մէջ այցելելով Լիմա, Փուերթօ Մալտոնաթօ եւ Թրույիլլօ քաղաքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.