2017-08-04 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին օգոստոս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ օգոստոս 4-ին հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2017-ի օգոստոս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը։

Նորին Սրբութիւնը որպէս օգոստոս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւն կը հրաւիրէ աղօթել ժամանակակից բոլոր արուեստագէտներուն համար որպէսզի իրենց ստեղծագործ աշխատանքով օգնեն մեզի վերագտնելու արարչութեան գեղեցկութիւնը։

Լսատեսողական պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը դիտել կու տայ թէ ''արուեստը կ՛արտայայտէ հաւատքի գեղեցկութիւնը ու կը հռչակէ Աստուծոյ արարչութեան վսեմութեան պատգամը։ Ասոր համար երբ կը հիանանք արուեստական գործով մը  կամ բնութեան հրաշքով մը կը բացայայտենք թէ ամէն ինչ կը խօսի Անոր եւ անոր սիրոյն մասին։

Աղօթենք ուրեմն ժամանակակից բոլոր արուեստագէտներուն համար որպէսզի իրենց ստեղծագործ աշխատանքով մեզի բոլորիս օգնեն` վերագտնելու արարչութեան գեղեցկութիւնը'' հրաւէր կ՛ուղղէ  Սրբազան Պապը լսատեսողական պատգամին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.