2017-08-03 13:02:00

Ֆիլիփինեան կղզիներու մէջ մարդավաճառութեան դէմ պայքարելու նոր ծրագիր


«Ռատիօ Վատիկան»  Ֆիլիփինեան կղզիներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը ձեռնարկած է նոր ծրագիր մը հակազդելու համար մարդավաճառութեան երեւոյթին։ Ձեռնարկը ներկայացուած է յատուկ արարողութեամբ մր, որուն բացումը կատարած է Ֆիլիփինի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու յանձնախումբի նախագահ ՝ Ռուփերթօ Քրուզ Սանդոզ։

Յիշեալ ծրագիրին նպատակն է  պայքարիլ  մարդու արժանապատուութեան ի խնդիր, բոլոր այն անձերուն հետ որոնց թիրախ դարձան սոյն տմարդկային աղէտին։  

Ծրագիրը  արդիւնքն է Ֆիլիփինեան  կղզիներու  եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի զանազան բաժանմունքներու յանձնախումբերուն՝ երիտասարդաց , կիներու , ընկերային , արդարութեան եւ խաղաղութեան։ 

Մարդավաճառութեան աղէտին դէմ  պայքարելու   ծրագիրը,  իր յատուկ գրասենեակներով պիտի գործադրուի   Ֆիլիփինեան  կղզիներու իւրաքանչիւր թեմերէն ներս, վերջ դնելու համար սոյն բացասական հոսանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.