2017-08-01 11:02:00

2017-ի, 6 ամիսներուն Հայաստանի մէջ ծնունդներու թիւը նախորդ տարուան համեմատ նուազած է 6,5%-ով


2017-ի վեց ամիսներուն ծնունդներու թիւը նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ նուազած է 6,5 տոկոսով: Ծնելիութիւնը նուազած է գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ: Այդ մասին, ըստ Panorama.am-ի, յայտարարած է Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժինի պետ Կարինէ Գույումճեանը` ներկայացնելով 2017-ի առաջին կիսամեակի ժողովրդագրական ցուցանիշներու նախնական տուեալները:

Ծնելիութեան ամենացած ցուցանիշը արձանագրուած է Սիւնիքի մարզին մէջ, ամենաբարձ ցուցանիշը` Երեւանի: Վեց ամսուան մէջ 100 աղջկայ հաշուով ծնած է 110 տղայ։

Աղջիկներուն ամենաշատը տուած են Մարիա, Նարէ, Մանէ, Մարի, Մարիամ, Անի, Անահիտ, Անկելինա, Էլեն, Միլենա անունները, տղաներուն` Դաւիթ, Նարեկ, Տիգրան, Հայկ, Ալեքս, Գոռ, Մարք, Սամուէլ, Արամ, Արթուր անունները:

2017-ի վեց ամսուան ընթացքին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ՝ մահացութեան դէպքերը աւելցած են 306-ով կամ 2,1 տոկոսով: Մահացութեան 14. 709 դէպքի 57,3 տոկոսը կապուած է արեան շրջանառութեան համակարգի հիւանդութիւններով, այնուհետեւ նորագոյացութիւններ, շնչական օրկաններու, մարսողական օրկաններու հիւանդութիւն, դժբախտ պատահարներ, թունաւորումներ, վնասուածքներ:

Մահացութեան ամենացած ցուցանիշը արձանագրուած է Երեւանի մէջ, ամենաբարձր ցուցանիշը` Լոռիի, Վայոց Ձորի, Շիրակի, Տաւուշի մարզերուն մէջ:

Յուլիս 1-ի դրութեամբ՝ Հայաստանի մշտական բնակչութեան քանակի ցուցանիշը կազմած է 2.979.900: Յունուար 1-ի համեմատ՝ ցուցանիշը նուազած է 6.200-ով, որ ձեւաւորուած է գաղթի բացասական մնացորդի եւ բնական յաւելաճի ցուցանիշներու հաշուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.