2017-07-29 10:06:00

Փաքիստանի եպիսկոպոսներուն կոչը՝ Լահորի մէջ կատարուած ահաբեկչական գործողութեան ի տես։


«Ռատիօ Վատիկան» Փաքիստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին  արդարութեան ու խաղաղութեան յանձնախումբը խստիւ դատապարտած է անցեալ 24 յուլիսին, թալեպաններու կողմէ Լահորին մէջ  կատարուած  ահաբեկչական գործողութիւնը,  որ պատճառած է 26 մեռեալներ, որոնց շարքին 9 ոստիկաններ։

Փաքիստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի վերոնշեալ յանձնախումբին նախագահը,  հրապարակարած է  հաղորդագրութիւն մը,  որուն մէջ անընդունելի  նկատած է  անմեղներու եւ ապահովական մարմնի   ոստիկաններուն սպանութիւնը, դիտել տալով, որ ահաբեկչական արարք կատարողը,  16-էն 18 տարիք ունեցող երիտասարդ մըն  է,  եւ թէ պատահածը նման է   Փաքիստանի  այլ վայրերու մէջ տեղի ունեցող ահաբեկաչական գործողութիւններուն։  

Փաքիստանի եպիսկոպոսաց  դասի յանձնախումբը  հրաւէր ուղղած է  երկրին իշխանութիւններուն,  խոկալու ահաբեկչական խմբաւորումներու այն երեւոյթի  մասին, ուր  երիտասարդներ կը շահագործեն երկիրը կործանելու համար։  Ապա ընդգծած է  ուժերու միացումին կարեւորութիւնը, հակառակ՝ քաղաքական, կրօնային, մշակութային  տարբերութիւններուն, «փրկելու համար մանուկները սոյն սատանայական արարքներէն», նշուած է  Փաքիստանի  Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին  հրպարակած հաղորդագրութեան մէջ ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.