2017-07-29 07:44:00

Ճաքարթայի մէջ Ասիայի երիտասարդներու 7-րդ հաւաքը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Ասիական  երիտասարդութեան տօնախմբութիւնը. Աւետարանը ապրիլ բազմամշակութային Ասիայի մէջ» Այս է ահա, 30 յուլիսէն 9 օգոստոս,  Ինտոնեզիայի մայրաքաղաք  Ճաքարթայի մէջ կայանալիք Ասիայի երիտասարդութեան 7-րդ հաւաքին բնաբանը։

Ձեռնարկին լուրը յայտարարուած էր 2014-ի օգոստոս ամսոյն Ֆրանչիսկոս Պապին Քորէա կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին ուր իր մասնակցութիւնը բերած էր Ասիայի երիտասարդութեան 6-րդ հաւաքին։

Հաւաքը բաժնուած է երեք մասի. առաջինը տեղի պիտի ունենայ երկիրն 11 թեմերու ներքոյ ապա Ճաքարթայի կեդրոնական քաղաքին մէջ հանդիպում հուսկ Երիտասարդներու հովուական խնամակալութեամբ զբաղող պատասխանատուներու հանդիպումը։

Սոյն հաւաքին որպէս պատրաստութիւն վերջերս Ւնտոնեզիոյ Փափուա մարզին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդ միսիոնարներու  հաւաք մը,  մասնակցութեամբ  աւելի քան 700  երիտասարդներու  եւ  14 հոգեւոր պատասխանատուներու, որպէս բնաբան ունենալով «Թիֆային ձայնը հռչակելու համար Սուրբ Գիրքի ուրախութիւնը Փափուա մարզին մէջ»։

Նշենք թէ «Թիֆան»   Փափուա մարզի  բնիկ ժողովուրդին`  երաժշտական աւանդական գործիքն է,  որոնք  զայն կը գործածեն ծիսական արարողութեան ժամանակ. Նուագարանը  մաս կը կազմէ Փափուա ժողովուրդին մշակութային ժառանգութեան։

Վերոնշեալ հաւաքի առընչութեամբ  Սորոնկ Թեմի եպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Տաթուս Հիլարիոն Լեկա  ելոյթի մը ընթացքին խօսքը ուղղելով Ւնտոնեզիոյ  երիտասարդներուն  ըսաւ ՝ «Դուք Փափուայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ ապագան էք»   ապա ընդգծեց թէ «Երիտասարդներուն  մասնակցութիւնը  անհրաժեշտ է,  որովհետեւ անոնք մեծ բան մը ունին ընծայելիք  ընկերութեան`   ու այդ բանը անոնց  ուրախութիւնն է»։

Ինտոնեզիայի բնակչութիւնը ներգրաւելու ձգտումով «Asia Youth Day 2017» ձեռնարկած էր Մարաթոն մը որ տեղի ունեցաւ անցեալ 17 մայիսին որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 5000 մարզիկներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.