2017-07-29 08:03:00

Աւելի քան 200,000 տոլար՝ Հայաստանի մէջ լսելու դժուարութիւն ունեցողներուն ի նպաստ


ՊԸՐՊԵՆՔ.- Աւելի քան 30 տարիներու ընթացքին, 106 երկիրներու մէջ լսելու դժուարութիւն ունեցող մէկ միլիոնէ աւելի անձերու բժշկական օժանդակութիւն տրամադրած «Սթարքի» հիմնարկութիւնը, վերջերս իր սպասարկութիւնները ընդարձակած է՝ հասնելով Հայաստան։

Տէր եւ տիկին Արմէն եւ Հայկուհի Քաւուքճեաններու միջնորդութեամբ անցեալ Յունիսին իրականացած այդ առաքելութեան ընթացքին, կարելի եղած է գրեթէ 1700 հայորդիներու համար կաղապարներ պատրաստել՝ անոնց լսողութիւն բարելաւելու սարքաւորումներ տրամադրելու նպատակով, իսկ յառաջիկայ Հոկտեմբերին Հայաստան մեկնող առաքելութիւնը այդ սարքաւորումները պիտի յանձնէ տէրերուն։

«Այսպիսով աշխարհը կարող է լսել» խորագրուած սոյն նախաձեռնութեան նեցուկ կանգնելու եւ անոր շարունակականութիւնը ապահովելու նպատակով, Քաւուքճեանները, օրհնութեամբը Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի՝ դրամահաւաքի ձեռնարկ մը կազմակերպած էին Լոս Անճելըսի մէջ, գոյացնելով 45,000 տոլար գումար մը։ Այս գումարին վրայ եկաւ աւելնալու Յուլիս 16ին տեղի ունեցած՝ «Սթարքի» հիմնարկութեան տարեկան ձեռնարկի աճուրդէն գոյացած 175,000 տոլար գումարը։

«Սթարքի» հիմնարկութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.StarkeyHearingFoundation.org կայքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.