2017-07-28 09:40:00

Կարդինալ Քիւրտ Քոխ Մոսկուայի մէջ Սուրբ Նիկողայոսի մասունքները Պարի քաղաք վերադարձնելու համա


«Ռատիօ Վատիկան» Քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան զարգացման խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Քiւրտ Քոխ ժամանեց Մոսկուա, Սուրբ նիկողայոսի մասունքները վերադարձնելու համար  Պարի  քաղաքի Սուրբ Նիկողայոսի անուան եկեղեցի։

Մոսկուա կեցութեան ընթացքին ծիրանաւորը, 27 յուլիսին, Սուրբ Էթիէն եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց  սուրբ Պատարագ,  որուն աւարտին  հանդիպում ունեցաւ Մոսկուայի Պատրիարքութեան արտաքին յարաբերութիւններու  բաժանմունքի պատասխանատու` Մետրոպոլիտ Հիլարիոնի հետ,  ապա Ուրբաթ` 28 յուլիսին Կարդինալ Քոխ կը հանդիպի  Համայն Ռուսիոյ  օրթոտոքսներու Պատրիարք  Կիւրեղ  Ա.  հետ ։

Նշենք, թէ Սուրբ Նիկողայոսի  մասունքները Մոսկուա փոխադրուած էին 21 մայիս 2017-ին, որպէս երկու եկեղեցիներու միջեւ համամիութենական մէկ ձեռնարկ եւ նախ քան անոնց Ւտալիա վերադարձը, Մոսկուայի կաթողիկէ եւ օրթոտոքս հաւատացեալները միասնաբար պիտի աղօթեն Սուրբի մասունքներուն առջեւ։

Իսկ՝ Պարի քաղաք ժամանումին, Սուրբին մասունքները, յատուկ արարողութեամբ եւ թափօրով  պիտի զետեղուին  եկեղեցւոյ մէջ գտնուող  իր դամբարանին մէջ՝  ներկայութեամբ յատուկ նօտարի մը,  որ պիտի  ստուգէ  սուրբին մասունքներուն  զետեղումի  ճշգրտութիւնը ։

Վերոնշեալ ձեռնարկը արդիւնքն է Ֆրաչնսիկսո Սրբազան Քահանայապետին եւ Կիւրեղ Ա Պատրիարքի միջեւ Քուպայի մէջ տեղի ունեցող հանդիպումի ընթացքին գոյացած  համաձայնութեան։

«Սուրբ Նիկողայոսի  մասունքներու  պաշտամունքը  կրնայ սատարել հաւատացեալներու միջեւ   համամիութենական երկխօսութեան» յայտնած է այս առթիւ  Քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան զարգացման խորհուրդի նախագահը կարդինալ Քուրտ Քոխը։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.