2017-07-28 07:40:00

Իզմիրի մէջ հայկական եկեղեցական առաջին արարողութիւնը՝ 95 տարի ետք:


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Տիհապեր» լրատու աղբիւրը կը տեղեկացնէ, թէ 1922ի Սեպտեմբերին Իզմիրի քրիստոնեաներուն վրայ թուրք բանակի եւ ազգայնամոլներու յարձակումէն եւ մեծ հրդեհէն 95 տարի ետք, այսօր հայերը կը պատրաստուին Օգոստոս 14ին, Իզմիրի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւն մը կատարելու։

Յիշեցնենք, որ քաղաքը քրիստոնեաներէն պարպած նշեալ յարձակումին ընթացքին,  հայապատկան բազմաթիւ շէնքեր ու եկեղեցիներ աւերակ դարձած էին։

Պատմաբան Կիզեն Քորտաթոս Սամիրա, որ Պալքանեան եւ արեւմտեան Անատոլուի քաղաքներու մասին ուսումնասիրութիւններ կատարած է, այս մասին հետեւեալ բացատրութիւնները կու տայ. «19րդ եւ 20րդ դարերուն, արեւելեան Միջերկրականի շրջանի Իզմիր քաղաքը, որ կարեւոր նաւահանգիստ մը ունէր, բազմազգեան մշակոյթի եւ բնակչութեան կեդրոն էր։ Տեղացի թուրքերու կարգին, այնտեղ կ՛ապրէին յոյներ, հայեր եւ այլ ցեղեր։ Այնպէս որ այս քաղաքը բազմազգեան դրախտի մը հիմնաքարը կը հանդիսանար»։

Սամիրա կը յայտնէ, որ Իզմիր քաղաքի հայերը թէեւ 1915ի տեղահանութեան չեն ենթարկուած, սակայն անոնք կարճ ժամանակ ետք պարպած են քաղաքը՝ հետզհետէ իրենց դէմ գործադրուած ճնշումներուն պատճառով։ Սամիրա այս մասին կ՛ըսէ. «Կրօնական արարողութիւն կատարելու մեր այս ձեռնարկը կայսրութեան պարտէզին գոյները վերստին յիշելու ուղղութեամբ նախաքայլ մը պիտի ըլլայ։ 1922 թուականին պատահած մեծ հրդեհի աղէտէն ետք, հայերու կողմէ կատարուելիք արարողութիւնները այսօր շատ կարեւոր են։ Ականջ տանք մեր այն նախկին բնակիչներուն, որոնք բնակութիւն հաստատած էին այս քաղաքին մէջ եւ ահռելի հրդեհի մը իբրեւ հետեւանք՝ լքեցին այս քաղաքը եւ հեռացան»։

Արարողութիւններուն պիտի մասնակցի Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն Վարդան Ծ. վրդ. Գազանճեան, Ոսկեբերան եկեղեցւոյ երգչախումբը եւ հայ համայնքէն անդամներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.