2017-07-28 10:14:00

Ականուած ռումբ մը պայթած է Մեքսիքոյի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կեդրոնի մուտքին։


«Ռատիօ Վատիկան» 24-էն -25 յուլիս լուսցնող գիշերուայ ընթացքին, Մեքսիքոյի եպիկսոպոսաց համահաւաք դասի կեդրոնի մուտքին, պայթած է ականուած ռումբ մը, առանց պատճառելու մարդկային եւ նիւթական վնասներ։ Այս մասին յայտնած  է Մեքսիքոյի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի բանբեր՝ գերապայծառ Ալֆոնսօ Կուարտիոլա հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ  բարձր գնահատած է եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, հաւատացեալներուն եւ շատ մը անձնաւորութիւններուն ցուցաբերած մօտիկութեան ժեսթը։

Գերապայծառը շնորհակալութիւն յայտնած է  նաեւ երկրին իշխանութիւններուն, համագործակիցներուն, պայթումի յանցագործները բացայայտելու անոնց յանձնառումին համար։  

Հաղորդագրութեան աւարտին Գերապայծառ  Միլանտա, յանուն Մեքսիքոյի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին հրաւէր ուղղած է  հաւատացեալներուն հանդարտ եւ խոհեմ գտնուելու ինչպէս նաեւ յարգելու մարդկային կեանքն  ու անոր կապուած  բոլոր  հաստատութիւնները։

Ան  ապա նշած է   թէ ականուած ռումբի  տխուր արարքը,  հրաւէր մըն է լրջօրէն մտածելու ընկերային խաւին վերականգնումի մասին, նպաստելու  համար  համայն  քաղաքացիներու ապահով միջավայրի կառուցման։  








All the contents on this site are copyrighted ©.