2017-07-28 09:44:00

«Մարդկային իրաւանց զարգացումը Սուրբ Աթոռի միջազգային ներգործութեան ծիրէն ներս»


«Ռատիօ Վատիկան» Ուրբաթ, 28 յուլիս 2017-ին, յետմիջօրէին ժամը 6.00-ին, Ւտալիոյ Ռովերեթօ քաղաքին մէջ գտնուող «Opera Campana dei Caduti» հիմնարկութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի կ՝ունենայ  դասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին ելոյթ կ՝ունենայ  Սթրազպուրկի Եւրոխորհրդարանի մէջ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ Գերապայծառ Փաուլօ Ռուտելի,  որ  կը զրուցէ  «Մարդկային իրաւանց զարգացումը Սուրբ Աթոռի միջազգային ներգործութեան ծիրէն ներս» նիւթին մասին ։ Դասախօսութեան աւարտին նախատեսուած է նաեւ  համերգ մը որուն միջոցաւ <> հիմնարկը  կը վերահաստատէ իր յանձնառումը  ներկայացնելու <<Մարիա Տոլենսի>> հրահրած  արժէքները, դիւանագիտութեան եւ մշակոյթի միջոցաւ։    








All the contents on this site are copyrighted ©.