Յայտնի Forbes Woman ամսագիրը պատմած է Ճորճիօ Արմանի նորաձեւութեան տան հիմնադիրի յաջողութեան պատմութեան եւ հայկական արմատներուն մասին, որ 215-րդ տեղը կը գրաւէ Forbes-ի միջազգային վարկանիշին մէջ ($6.6 մլր):
2002-ին Forbes-ը Ճորճիօ Արմանին համարեց աշխարհի ամենայաջողակ ձեւաւորողը: Սակայն անոր անձնական կեանքին մասին տեղեկատուութիւն չկար: 83-ամեայ Արմանին ինքնամփոփ է եւ շատ հազուադէպ հարցազրոյց կու տայ: Ճորճիոն ծնած է Իտալիա:
Անոր ծնողները մազապուրծ եղած են հայոց ցեղասպանութենէն: Չնայած, որ Արմանին արիւնով իտալացի չէ, ան կը կիսէ այդ երկրի արժէքները, որոնցմէ գլխաւորն ընտանիքն է:
Ճորճիոն մեծցած է եղբօր եւ քրոջ հետ: Պատանի տարիքին ցանկացած է բժիշկ դառնալ, յետոյ ձգած է ուսումն ու բանակ գացած: Ժամանակ մը ան տարուած է լուսանկարչութեամբ եւ այդպէս յայտնուած է նորաձեւութեան աշխարհին մէջ: Ան հասցուցած է աշխատելու Էմանուէլ Ունկարոյի եւ Էրմենեջիլտօ Զէնայի հետ, մինչեւ որ 1975-ին ընկերոջ` Սերճիօ Կալէոտիի հետ գրանցած է Giorgio Armani S.p.A. ընկերութիւնը:
Արմանին տան մէջ աշխատելու ծրագիր ստեղծած եւ բաժնած էր ընկերութիւնը ըստ քանի մը ուղղութիւններու: Պատրաստի հագուստը կը թողարկուէր Armani Collezioni անուան տակ, երիտասարդական` Emporio Armani, ակնոցներ` Armani Occhiali եւ այլն: 1985-ին Սերճիոյի մահէն ետք գործին միացաւ Ճորճիոյի քոյրը` Ռոզաննան:
Չնայած տարեց հասակին` Արմանին առաջուան պէս ինքնուրոյն կը լուծէ ընկերութեան հիմնական հարցերը: Ան միակ բաժնետէրն է, նախագահն ու գործադիր տնօրէնը: Ձեւաւորողը մինչ օրս անձամբ կը նախագծէ haute couture-ի բոլոր մոտելները, կը գրէ «Նովոստի Արմէնիան»:
All the contents on this site are copyrighted ©. |