2017-07-26 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի թուիթը՝ Յովակիմ եւ Աննա սուրբերուն տօնին առիթով։


«Ռատիօ Վատիկան» Սուրբ Կոյս Մարիամի ծնողաց՝ Յովակիմ եւ Աննա սուրբերուն ծիսական տօնին առիթով, չորեքշաբթի, 26 յուլիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը, որուն մէջ ընդգծեց մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու դերակատարութեան կարեւորութիւնը իւրաքանչիւրի կեանքէն ներս։  

«Որքան կարեւոր են մեծ հայրերն  ու մեծ մայրերը ընտանեկան կեանքէ ներս,  փոխանցելու համար  իւրաքանչիւր ընկերութեան համար մարդկայնութեան ժառանգութիւնն ու հաւատքը»։ Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ իր այսօրուան թուիթին մէջ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.