2017-07-25 09:45:00

Սկիզբ առաւ թուրք լրագրողներու դատավարութիւնը


Թրքական ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» թերթի 17 լրագրողներու, ինչպէս նաեւ մամլոյ միջազգային գործակալութեանց թղթակիցներու դատավարութիւնը սկիզբ առաւ երէկ Թուրքիոյ մէջ: Արգելափակեալ լրագրողներու հարազատներ եւ բարեկամներ խճողեցին դատարանը, մինչ ուրիշներ փուչիկներ պարզելով պահանջեցին անոնց ազատ արձակումը: Ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» թերթի նախկին խմբագրապետ Ճան Տիւնտար այս դատավարութեան արդիւնքը նկատեց սկիզբն ու ցուցանիշը Թուրքիոյ որդեգրելիք յառաջիկայ դիմագիծին: Տիւնտար «Ճումհուրիյէթ»-ը որակեց Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան վերջին ամրոցը, «զոր եթէ կորսնցնենք, կորսնցուցած կ՛ըլլանք Թուրքիոյ մէջ ազատ մամուլը»: Ըստ «Պի.Պի.Սի.»-ի, 15 յուլիս 2016-ի պետական հարուածէն ի վեր  աւելի քան 50 հազար հոգի ձերբակալուած է, փակուած են շուրջ 150 լրատուամիջոցներ:

Թուրքիա կը նկատուի առաւելագոյն թիւով լրագրողներ արգելափակող երկիրը: Աւելի քան 150 լրագրողներ արգելափակուած են: «Թրքական մամուլը վերջին տասնամեակներու իր յոռեգոյն շրջանը կ՛ապրի», ընդգծած է Լրագրողներու ազատութեան պաշտպանութեան» կազմակերպութեան նախագահ Զէյնեփ Օրալ:

Ըստ նոյն աղբիւրին, դատապարտումի պարագային լրագրողներ կրնան մինչեւ 43 տարուան արգելափակման վճիռ ստանալ:

Նշենք, որ ֆրանսական «Լիպերասիոն» թերթը (որուն անձնակազմէն եւս լրագրողներ արգելափակուած են Թուրքիոյ մէջ) երէկ իր խմբագրականով բուռն կերպով քննադատեց թրքական վարչակարգը` զայն բառացիօրէն բռնատիրական որակելով:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.