2017-07-25 07:13:00

Սինկափուրի 182-ամեայ հայկական Եկեղեցին այցելութեան արժանի գեղեցիկ վայր է.


1835 թուականին կառուցուած հայկական եկեղեցին Սինկափուրի ամենահին քրիստոնէական եկեղեցին է: Այս եկեղեցին Սինկափուրի մէջ 19-րդ դարուն հայկական համայնքի ազդեցութեան վկայութիւնն է: Երբ Սինկափուրը 1819 թուականին դարձաւ առեւտրային նաւահանգիստ, հայերն առաջին գնորդներն ու առեւտրականներն էին, news.am-ի փոխանցմամբ` կը գրէ mothership.sg-ն:

Թէեւ հայերը փոքրաթիւ էին Սինկափուրի մէջ, անոնք սկսած են այստեղ կրօնական արարողութիւններ իրականացնել 1820-ական թուականներէն:

Սկիզբը այդ արարողութիւնները իրականացուած են Քոմերսիոն հրապարակի (այսօր այն Raffles Place-ն է) ինքնաշէն մատուռին մէջ, սակայն յետոյ դիմած են բրիտանական իշխանութիւններուն, որպէսզի իրենց հող յատկացնեն Fort Canning Hill-ին մէջ` եկեղեցւոյ կառուցման համար:

Պարբերականը կը նշէ, որ աւելի քան 100 տարի անց հայկական եկեղեցին կանգնած է որպէս ազգային յուշարձան:

Եկեղեցին նախագծած է Գ.Դ. Քոլման, որ նաեւ այլ յայտնի շէնքերու նախագծողն է, ինչպիսիք են Արուեստներու տունն ու Սուրբ Էնտրիւի տաճարը:

Հայկական եկեղեցւոյ ձեւաւորման մէջ ներառած է հայկական աւանդական ճարտարապետութեան որոշ առանձնայատկութիւններ: Վերէն նայուելուն կառոյցը խաչ կը յիշեցնէ:

Բացի այդ, Քոլման հասկցած է, որ շէնքի ճարտարապետական ձեւաւորումը պէտք է յարմարեցնել Սինկափուրի արեւադարձային եղանակին, մասնաւորապէս, շէնքն ունի բաւականաչափ դռներ ու պատուհաններ` ներսը օդափոխելու համար:

Բացի կառուցողականութենէն, եկեղեցւոյ ներքնամասը կը տարբերի նաեւ իր շրջանաձեւ կառուցուածքով: Սա միակ եկեղեցին է Սինկափուրի մէջ, որն ունի շրջանաձեւ ներքնամաս:

Շէնքի միւս կարեւոր առանձնայատկութիւնը այն է, որ այն ունի յուշայգի, ուր ամփոփուած են Սինկափուրի նշանաւոր հայերը: Շատ յայտնի հայեր վերաթաղուած են այս այգիին մէջ: Ատոնց շարքին են Ագնէս Խոակիմը եւ Խաչիկ Մովսէսը: Առաջինը յայտնի է Սինկափուրի ազգային ծաղիկի` այլաբոյս օրքիտէայի ստեղծմամբ, իսկ Խաչիկ Մովսէսը Straits Times-ի համահիմնադիրը  եղած է:

Սինկափուրի հայկական եկեղեցին 1973 թուականին բծախնդրօրէն վերանորոգուած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.