2017-07-25 09:40:00

Անծանօթ մը սղոցով յարձակում գործած է Զուիցերիոյ մէջ


Հինգ հոգի վիրաւորուեցաւ երէկ Զուիցերիոյ  Շեֆհաուզեն քաղաքին մէջ, երբ անծանօթ մը սղոցով յարձակում գործեց անցորդներուն վրայ` քաղաքի առեւտրական մէկ կեդրոնին մէջ: Զուիցերիական ոստիկանութիւնը փութացած է դէպքին վայրը եւ պաշարած Գերմանիոյ հետ սահմանամերձ 36 հազար բնակիչ հաշուող քաղաքի գլխաւոր մուտքերը: Ըստ զուիցերիական «Պլէյք» թերթի ելեկտրոնային կայքին, ոստիկանութիւնը ստուգած է յանցագործին ինքնութիւնը` առանց սակայն բացայայտելու զայն: Ըստ նոյն աղբիւրին, ականատեսներ նկատած են արիւնլուայ վիրաւորներ, որոնցմէ երկուքին վիճակը` խիստ ծանր: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, նշեալ թերթի կայքէն քաղելով իր տեղեկութիւնները, հաղորդեց, որ ոստիկանութիւնը հեռացնել տուած է քաղաքի բնակիչները` հետապնդել կարենալու համար յանցագործը, զոր նկարագրած է իբրեւ 1,9 մեթր հասակով ճաղատ անձ մը:

Զուիցերիոյ քանթոններէն Շեֆհաուզենի համանուն մայրաքաղաքի վարչական մէկ կեդրոնի առողջապահական բաժանմունքին մէջ պատահած այս աննախընթաց յարձակումը զօրաշարժի մատնած է քանթոնի զուիցերիական եւ սահմանամերձ գերմանական ոստիկանութիւններէն առնուազն հարիւր տարրեր, որոնք փութացին հետապնդել 51-ամեայ Ֆրանց Ուրուսիս կոչուող յանցագործը` սահմանամերձ անտառներուն մէջ: Ըստ զուիցերիական «Սուիսինֆօ»-ի, յանցագործը խիստ վտանգաւոր նախկին մեղադրեալ մըն է, որ սղոցով սանձարձակ ապաստանած է մօտակայ անտառին մէջ, ինչպէս հաստատեց «Պի.Պի.Սի.»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.