2017-07-22 08:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին միջազգային առաջին ճամբորդութեան չորրորդ տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) 22 յուլիս 2017ին  կը նշուի Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան միջազգային առաջին առաքելական ճամբորդութեան չորրորդ տարեդարձը որուն ընթացքին ան այցելեց Պրազիլը ''Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը (Մատթ 28,19)'' բնաբանով, Երիտասարդութեան համաշխարհային 28-րդ օրուան առթիւ։ 

Արդարեւ 2013-ի`  22 յուլիսի յետմիջօրէի ժամը 16ին (Պրազիլի ժամով) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին օդանաւը վայրէջք կատարեց Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի ''Անթոնիօ Գարլոս Ժոպիմ'' օդակայան ուր դիմաւորուեցաւ Պրազիլցի ժողովուրդին իւրայատուկ արտակարգ խանդավառութեամբ։

Նորին Սրբութեան սոյն ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Ռիոյի Կառավարական Պալատը ուր տեղի ունեցաւ  պաշտօնական ընդունելութիւնը եւ ուր Սրբազան Պապը արտասանեց առաքելական ճամբորդութեան առաջին Ճառը։

իր կեցութեան ընթացքին  ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Մարեմեան ''Աբարէսիտա'' Սրբավայրը այնտեղ նախագահելով Սուրբ Պատարագի Զոհը ապա այցելեց Աստուածային նախախնամութեան Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիի անուան հիւանդանոցը ինչպէս նաեւ Ռիոյի Մանկինիոս ''ֆավէլա'' ն ուր հանդիպում ունեցաւ այնտեղ ապրող աղքատներուն հետ որպէսզի ապա հանդիպում ունենայ երիտասարդութեան համաշխարհային 28րդ օրուայ մասնակից` աշխարհի զանազան երկիրներէ եւ վայրերէ ժամանած միլիոնաւոր երիտասարդներուն հետ։


Ուրբաթ 26 յուլիսին Ֆրանչիսկոս Պապ խոստովանանքի խորհուրդը  մատակարարեց մի քանի երիտասարդներուն ապա հանդիպեցաւ երիտասարդ բանտարկեալներուն հետ մինչ ժամը 12-ին Ռիոյի առաջնորդարանի կեդրոնական պատշգամէն արտասանեց  Մարեմեան աղօթքը ու հանդիպում ունեցաւ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կազմակերպիչ կոմիտէի անդամներուն եւ բարերարներուն հետ։ Երեկոյեան Սրբազան Պապը երիտասարդներու մասնակցութեամբ, նախագահեց ''ճանապարհ խաչի''ի բարեպաշտական արարողութիւնը։

Շաբաթ 27 յուլիսի առաւօտեան   Ռիոյի Սան Սէպասդեան աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը` երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան մասնակցող եպիսկոպոսներուն ու կղերական դասին հետ միասին, ապա  հանդիպեցաւ Պրազիլի քաղաքական եւ պետական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ մինչ երեկոյեան Քոփաքապանայի տարածքին տեղի ունեցաւ  երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ աւանդական աղօթքի հսկումը ուր եւ երկրորդ օրը մատուցուեցաւ նաեւ ԵՀՕ եզրափակիչ սուրբ պատարագը։ 28 Յուլիսի երեկոյեան Սրբազան Քահանայապետն ու իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը աւարտելով Պրազիլ կատարած հովուական այցելութիւնը Ալիթալիայի թռիչքով, 11 ժամ եւ 30 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք, ժամանեցին Հռոմ` յուլիս 29-ի առաւօտեան ժամը 11,30 (Հռոմի ժամով)։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին վերոնշեալ այցելութեան հիմնական պատճառն էր  երիտասարդութեան համաշխարհային  ‘‘Փրկիչ Քրիստոսի’’ բաց բազուկներէն հրապուրուած` եկած էին ապաստան գտնելու Անոր ձեռքերուն մէջ եւ ունկնդրելու Անոր յստակ ու զօրեղ կոչը. ‘‘Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը։’’

‘‘Քրիստոս կը վստահի երիտասարդներուն ու անոնց կը յանձնէ նաեւ իր առաքելութիւնը. գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը’’, գացէք սահմաններէն անդին եւ եղբայրութեան աշխարհ մը կերտեցէք’’ ըսած էր Սրբազան Քահանայապետը որ երիտասարդները խրախուսած էր երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ.Քահանայապետի խօսքերով որ խաչը  յանձնելով երիտասարդներուն ըսած էր . «զայն տարէք որպէս Յիսուսի սիրոյ նշանը մարդկութեան հանդէպ: Ամենուրեք հռչակեցէք թէ միա՛յն մեռած եւ Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ կը գտնուի փրկութիւնն ու քաւութիւնը’’։

«Ոչ մէկը կարող է Յիսուսի Խաչին դպչիլ առանց ազդուելու եւ առանց որ, իր կեանքէն ներս,Յիսուսի Խաչէն մասնիկ մը ունենայ’’, ըսած էր նաեւ Սրբազան Քահանայապետը ու եզրափակիչ պատարագի ընթացքին մատնանշելով  ՃՄՃ-ի կարգախօսին. ‘‘Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը’’  ըսած էը. ‘‘Յիսուս, այսօր եւս, ձեզմէ ամէն մէկուն կ՛ուղղէ նոյն պատուէրը։  ‘‘Գացէք, առանց վախի, ծառայելու’’։

‘‘Մի վախնաք, երբ երթանք Քրիստոսը աւետելու, ինքն է որ մեր քայլերը պիտի ուղղէ ու ձեզի պիտի ընկերանայ։

Ան իր աշակերտներուն ըսած էր. «Ես ձեր հետն եմ ամէն օր»։ ‘Յիսուս ձեզ միայնակ չի թողուր։ Ձեզի կ՛ընկերանայ։ Ան չըսաւ գնայ, այլ գացէ՛ք,որով համայն Եկեղեցին կանչուած է այս առաքելութեան’’։

Քարոզը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը ըսած էր ‘‘Քրիստոս ձեզի կը վստահի։ Եկեղեցին ձեզի կը վստահի։ Քահանայապետը ձեզի կը վստահի։ Թող Մարիամ, Յիսուսի ու մեր Մայրը, ընկերանայ ձեզի իր գորովով. ‘‘Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը’’։








All the contents on this site are copyrighted ©.