2017-07-21 10:58:00

Մեծ երկրաշարժ Յունաստան-Թուրքիա սահմանին. կան զոհեր, վիրաւորներ ու աւերածութիւններ


Յուլիս 20 լոյս 21-ին, ՀՀ ԱԻՆ բնական աղէտներու պաշտպանութեան ծառայութեան ցանցին կողմէ արձանագրուած է հիւսիսային լայնութեան 36.780 եւ արեւելեան երկայնութեան 27.310 աշխարհագրական տուեալներով (Յունաստան-Թուրքիա սահմանային գօտի, Գոս կղզիէն 5 քմ հարաւ-արեւելք), օճախի 10 քմ խորութեամբ, 6.6 աստիճանով երկրաշարժ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpess.am-ը։

Ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կեդրոնին կազմած է 9 գիծ:

Ըստ նախնական տուեալներու՝ կայքերուն մէջ զետեղուած տեղեկութեան Յունական Գոս կղզին մէջ մահացած է երկու եւ տուժած` մօտ 120 մարդ եւ եւս 70-ը` յարակից կղզիներու մէջ:

TASS-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ կեդրոնը գտնուած է Պոտրում յայտնի հանգստավայրէն 12 քմ հեռաւորութեան վրայ, յունական Հռոտոս կղզիէն 90 քմ հեռաւորութեան վրայ:

Երկրաշարժը առաջացուցած է ոչ մեծ ծովաշարժ եւս: Ստորգետնեայ ցնցումները զգացուած են Եգէյական ծովի ողջ թրքական ափի երկայնքով: Պոտրումի քանի մը հին շէնքերու վրայ ճեղքեր յառաջացած են: Քաղաքի որոշ շրջաններու մէջ տեղի ունեցած է ելեկտրականութեան անջատում:

Երկրաշարժէն վախցած բնակիչներ դուրս նետուած են պատուհաններէն եւ աննշան վնասուածքներ ստացած: Ճաքեր յառաջացած են նաեւ Պոտրումի պետական հիւանդանոցի շէնքին վրայ. հիւանդները տարհանուած են:

Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան տուեալներով՝ երկրաշարժի հետեւանքով տուժած ՀՀ քաղաքացիներ կամ հայեր չկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.