2017-07-20 08:48:00

Բակօ Սահակեան վերընտրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ


Երէկ` 19 յուլիսին, Արցախի Ազգային ժողովի յատուկ նիստին 28 կողմ ձայնով Բակօ Սահակեանը  ընտրուած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ: Ան պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ 2020:

Արցախի Ազգային ժողովի երեք` «Հայրենիք», «Ժողովրդավարութիւն» եւ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնները առաջադրած էին գործող նախագահ Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը: Նախագահութեան մրցակից թեկնածու Էդուարդ Աղաբեկեան ստացած է 4 ձայն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով վստահութեան համար` հանրապետութեան վերընտրուած նախագահը նշած է, որ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը նոր եռանդով ու նոր ծրագիրներով` յանուն Արցախի զարգացման եւ բարգաւաճման:

 

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Շնորհաւորած Է Բակօ Սահակեանը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Բակօ Սահակեանին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին  ընտրուելուն առիթով: Նախագահ Սարգսեանի ուղերձին մէջ կը նշուի.

«Յարգելի՛ պարոն Սահակեան,

Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեզ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առիթով:

Պետական կառավարման մարմիններու ժողովրդավարական եւ սահուն ձեւաւորման ընթացքը կը վկայէ Արցախի ժողովուրդին ազատ ապրելու օգտին կատարած ընտրութեան անշրջելի բնոյթը: Ատիկա մարդու հիմնարար իրաւունքները եւ ազատութիւնները անշեղօրէն իրագործելու ուղին է: Այդ ճամբուն վրայ Արցախի աննկուն եւ քաջարի ժողովուրդին  ստեղծած հանրապետութեան ապագային եւս պիտի սատարեն եւ աջակցին Հայաստանի պետական բոլոր կառոյցները եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը:

Վստահ եմ, որ դուք պիտի շարունակէք ձեր ազնիւ ծառայութիւնը մատուցել Արցախին` յանուն մեր ընդհանուր յառաջընթացի եւ բարօրութեան: Խաղաղասէր եւ հերոսական մեր ժողովուրդին  արշալոյսները թող մշտապէս խաղաղ ըլլան»:








All the contents on this site are copyrighted ©.