2017-07-19 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի թուիթը Փաուլօ Պորսելլինոյի մահուան 25րդ ամեակի առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալացի հռչակաւոր դատաւոր ՝Փաուլօ Պորսելլինոյի սպանութեան 25 ամեակի առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ, չորեքշաբթի, 19 յուլիսին  հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ կը խնդրէ, որ աղօթենք  մաֆիայի թիրախ դարձած բոլոր զոհերուն համար, հայցելով Աստուծմէ  ուժ եւ կարողութիւն՝՝ յառաջ ընթանալու եւ շարունակելու համար կաշառակերութեան դէմ  պայքարը։

«Աղօթենք Մաֆիայի բոլոր զոհերուն համար, հայցենք զօրութիւն՝ յառաջ ընթանալու եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարը շարունակելու համար» ։ Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ իր այսօրուան թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.